Օգոստոս 25-ին, Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան Դիմագիրքեան ուղղակի հաղորդումով յայտարարած է. «Կը կարծեմ, որ պէտք է դիմել Ռուսաստանի, իրավիճակով հետաքրքրուող բոլոր դերակատարներուն՝ ապահովութեան խնդիրներու, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտալի կացութեան շուրջ Ազերպայճանի հետ չէզոք, ապահով վայրի մը մէջ, երրորդ կողմի մը մասնակցութեամբ, հանդիպում կազմակերպելու առաջարկ-պահանջով։
Միջազգային մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ մեր խօսքը լսելի դարձնելու համար։ Ես համոզուած եմ, որ Ռուսաստան կրնայ կազմակերպել ստեղծուած իրավիճակի քննարկման նպատակ հետապնդող հանդիպում մը։ Այդ հանդիպման արդիւնքները պէտք է ներկայացուին հանրութեան, եւ անկէ ետք ընդունուին համապատասխան որոշումներ»։
Աւելի մանրամասն՝ տեսանիւթին մէջ.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։