Search
Close this search box.

Ստորագրուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կարգավիճակին առնչուող համաձայնագիրը

 

Նոյեմբեր 20-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ ԵՄ-ի առաքելութեան կարգավիճակի մասին» համաձայնագրի պաշտօնական ստորագրութեան արարողութիւնը:

Համաձայնագիրը հայկական կողմէն ստորագրած է Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան, իսկ Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս:

Փոխնախարարին համաձայն՝ համաձայնագիրը կը նպաստէ ԵՄ-ի առաքելութեան առաւել արդիւնաւէտ աշխատանքին. “Խօսքը դէտերուն համար յարմար  պայմաններ ստեղծելու մասին է՝ սկսեալ առողջապահութենէն մինչեւ թեքնիք խնդիրներ, եւ կը նմանի այն լիազօրութիւններուն, զորս ամէն մէկ երկրի մէջ կը ունին դիւանագէտները”,– ըսած է Յովհաննիսեան։