Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան Դեկտեմբեր 19-ին BBC-ին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն:
Ան նշած է, թէ Ազերպայճան կը յայտարարէ, որ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելով, սակայն, դժբախտաբար, բառերը բաւարար չեն, գործել պէտք է:
“Փաստը այն է, որ Ազերպայճան դժկամութիւն կը ցուցաբերէ միջազգային հանրութեան առաջարկած սկզբունքներու հիման վրայ վերջնականացնելու խաղաղութեան պայմանագիրը”,– շեշտած է Կոստանեան, յիշեցնելով որ ազերպայճանական կողմը նախապէս բազմիցս հրաժարած է կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններուն մասնակցելէ:
“Ազերպայճան պէտք է ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ այդ հարցին մէջ պէտք չէ անորոշութիւններ ըլլան: Անհրաժեշտ է յստակ սահմանագիծ ունենալ՝ Ալմա Աթայի հռչակագրին համապատասխան: Նաեւ հարկաւոր է համաձայնութեան յանգիլ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու բացման սկզբունքներու շուրջ, որոնք նկատի կ՚ունենան եւ կը յարգեն երկիրներու ինքնիշխանութիւնը”,– ընդգծած է Արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Անդրադառնալով ազերպայճանական կողմի յայտարարութիւններուն, թէ Արցախէն բռնի տեղահանուած Հայերը կրնան վերադառնալ իրենց տուները, եւ թէ Ազերպայճան պատրաստ է ապահովելու անոնց անվտանգութիւնը, Կոստանեան յայտարարած է. “Նախնիներու հայրենիքը լքած Հայերէն ո՛չ ոք վերադարձած է այնտեղ, առ այդ կարելի է արձանագրել, որ անոնք ապահովութեան երաշխիքներ չեն տեսներ: Եզրակացութիւնները ձեզի կը թողում”:
Ան աւելցուցած է, թէ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ՝ հակառակ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումին, որով Ազերպայճան կը պարտաւորուի ապահովել այդ մարդոց վերադարձի իրաւունքը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։