Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան Յունուար 8-ին սարքոււած՝ 2023-ի ամփոփիչ ասուլիսին յայտարարած է, թէ անցեալ տարուան տնտեսական աճը կ՚ակնկալուի 8,3-8,5 տոկոսի միջեւ:
Նախարարին գնահատականով՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի բաժին ինկող ՀՆԱ-ն (PIB) ալ 2023-ին կը կազմէ շուրջ 8280 տոլար: Ան յիշեցուցած է, որ 2017-ին Հայաստան ՀՆԱ-ի ցուցանիշով 196 երկրի միջեւ 122-րդ էր, 2020-ին՝ 112-րդ եւ 2023-ի արդիւնքներով կը նախատեսուի բարձրանալ 86-րդ դիրք: “Սրանք Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (FMI) կանխատեսումներն են”,– նշած է նախարարը:
Միւս կողմէ, նոյն ասուլիսին մասնակցած Տնտեսութեան փոխնախարար Անի Իսպիրեանի համաձայն ալ կը նախատեսուի, որ աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն երեքը ներկայացուցչութիւն բանան Հայաստանի մէջ:
“2024 թուականին պէտք է իրականացնենք 21 միջոցառում, որոնց շնորհիւ ներդրումային եւ գործարար միջավայրը պէտք է զարգանայ”,– ըսած է ան:
Փոխնախարարը ուշադրություն հրաւիրած է 3 կարեւորագոյն կէտերու վրայ՝ յուսալով, որ անոնք շուտով կ՚իրականացուին: “Մէկը աշխարհի խոշորագոյն 500 ընկերութիւններից 3-ի՝ Հայաստանում ներկայացուցչութեան բացումն է: Երկրորդը՝ աշխարհի 30 խոշորագոյն լաւագոյն ապրանքանիշերի համապատասխան ցուցակներից նոյնպէս Հայաստան մուտք գործելն է”,–ըսած է փոխնախարարը:
Ինչ կը վերաբերի երրորդ կէտին, տնտեսապէս բարդ ապրանքներու արտադրութեան խթանման ծրագիրն է: Կառավարութիւնը նպատակադրած է մինչեւ 2026 թուականը Հայաստանի տնտեսական բարդութեան ցուցիչը դարձնել առնուազն 01: Բոլոր այն արտադրողները, որոնք կ՚արտադրեն 02 եւ աւելի բարձր բարդութիւն ունեցող ապրանքներ եւ կը ներդրեն առնուազն 1 միլիառ դրամ դրամագլուխ, կրնան դիմել եւ ստանալ մինչեւ 35 տոկոս փոխհատուցում:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։