Search
Close this search box.

Վանաձորի դրամատիկական թատրոնը կը մասնակցի Թեհրանի «Ֆաճր» փառատօնին՝ ներկայացնելով ցեղաuպանութեան ենթարկուած ընտանիքի մը պատմութիւնը

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ Յունուար 22–Փետրուար 1 տեղի կ՚ունենայ «Ֆաճր» միջազգային 43-րդ թատերական փառատօնը, որուն կը մասնակցի Վանաձորի «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական դրամատիկական թատրոնը՝ «Մէկ ժամ յիշողութիւն» թատերգութեան ներկայացումով։

Ան կը պատմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած ընտանիքի մը պատմութիւնը, սակայն  գործողութիւնները կը կատարուին իրականի ու երեւակայականի սահմանագծին. 21-րդ դարն ու 1915-ը կը խաչաձեւուին Կարինի` այլեւս գոյութիւն չունեցող տան պատերուն ներսը։

Սոյն թատերական գործին մէջ առանց արիւնոտ եւ դաժան դրուագներու, սակայն ամենայն հանգստութեամբ, խորութեամբ ու կսկիծով կը ներկայացուի հայ մարդու ճակատագիրը: Երբեմն այդ կարծեցեալ հանգստութեան ետին քօղարկուած է իրական ողբերգութիւնը:

«Ֆաճր» թատերական փառատօնը Իրանի արուեստի բնագաւառի կարեւորագոյն միջազգային իրադարձութիւններէն է: