Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս պապը Հոկտեմբեր 25-ին ընդունած է պաշտօնական այցով Վատիկան գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման հնարաւորութեան համար՝ նախարարը Սրբազան քահանայապետին հաղորդած է հայ ժողովուրդի եւ կառավարութեան ջերմ ողջոյնները։ Ան նշած է, թէ իր այցը Վատիկան տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի յոբելինական տարին եւ լաւ առիթ կը հանդիսանայ քննարկելու դարաւոր պատմական կապերու եւ նոյն հոգեւոր արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմ շփումները:
Միրզոյեան երախտագիտութիւն յայտնելով 44-օրեայ պատերազմին եւ յաջորդած շրջանին Հռոմի պապին ներկայացուցած խաղաղութեան բազմաթիւ ուղերձներուն եւ կոչերուն համար, անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ընդգծած՝ մարդասիրական հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։