Ապրիլ 24-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Ան ծաղկեպսակ դրած է յուշակոթողին եւ ծաղիկներ զետեղած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։