Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան Արուճի Սուրբ Գրիգոր կիսաւեր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Սուրբծննդեան նուիրուած համերգին

Յունուար 6-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կնոջ Աննա Յակոբեանի հետ, Արագածոտնի մարզի Արուճ բնակավայրին մէջ ներկայ գտնուած է Սուրբծննդեան նուիրուած համերգին: 

Համերգը տեղի ունեցած է Սուրբ Գրիգոր կիսաւեր եկեղեցւոյ մէջ, «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբին մասնակցութեամբ:

 

Վարչապետը այցելած է նաեւ եկեղեցւոյ յարակից տարածքին բացուած տաղաւարները, ուր ներկայացուած են տարածաշրջանին բնորոշ ուտեստներ, թէյ ու գինի:

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան եւ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին կողմէ: 

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան այցելած են նաեւ 6-8-րդ դարերուն կառուցուած Արուճի ամրոցը: 

***

Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին Արուճ գիւղի գլխաւոր վանքային համալիրն է։ Ան կը գտնուի Արագած լեռան արեւմտեան լանջի ստորոտին, Արագածոտնի մարզին մէջ։ Արուճի տաճարը (Ս.Գրիգոր եկեղեցի) կը հանդիսանայ հայկական հոգեւոր եւ ճարտարապետական նշանաւոր կոթողներէն։ Ըստ շինարարական արձանագրութեան՝ Արուճի եկեղեցին կառուցած է Գրիգոր Ա. Մամիկոնեանը Է. դարու 60-ական թուականներուն։ Տաճարը թէեւ կը շարուանկէ մնալ կանգուն, բայց կիսաւեր վիճակի մէջ կը գտնուի։