Օգոստոս 25-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
Վարչապետը շնորհաւորած է դեսպանը՝ պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ եւ ընդգծած երկու երկիրներու միջեւ առանձնայատուկ յարաբերութիւններու որակը՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ ընդլայնելով փոխադարձ գործակցութիւնը:
Պարոն Տըքոթինյի նշած է, թէ ջանք պիտի չխնայէ՝ երկկողմանի սերտ կապերը առաւել ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները քննարկած են ֆրանսական ընկերութիւններու՝ հայկական շուկայի մէջ ներգրաւման, ներդրումային ընթացիկ ծրագրերուն վերաբերող հարցեր։ Անոնք անդրադարձած են նաեւ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, շեշտելով Ազերպայճանի արարքներու նկատմամբ միջազգային գործընկերներու հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։