Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան ժամանած է Քազան

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 24-ին միօրեայ այցով ժամանած է Թաթարստան, մասնակցելու «ՊՐԻՔՍ+» վեհաժողովին: 

Քազանի միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Թաթարստանի հանրապետութեան ղեկավար Ռուստամ Միննիխանով: 

Վեհաժողովին ելոյթ ունեցած են Հայաստանի վարչապետն ու Ազերպայճանի նախագահը

ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին՝ ի շարս այլ ղեկավարներու՝ ելոյթ ունեցած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ։

Հայաստանի վարչապետը խօսած է յատկապէս «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի եւ խաղաղութեան պայմանագրի մասին՝ նշելով, թէ պայմանագրին նախագիծը 80-90 տոկոսով համաձայնութեան արժանացած է, Հայաստանն ալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրով պատրաստ է արեւելքն ու արեւմուտքը, հիւսիսն ու հարաւը կապող հանգոյց հանդիսանալու, մա՛նաւանդ որ ան ամէնէն կարճ ճամբան է:

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևն ալ իր կարճ ելոյթին Փաշինեանէն առաջ արդէն իսկ անդրադարձած է տարածաշրջանային ճամբաներուն՝ նշելով, թէ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք տարանցիկ միջանցքները Ազերպայճանի տարածքով կ՚անցնին:

 

Հանդիպում Իրանի նախագահին հետ

Նոյն օրը վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ։

Ան գոհունակութիւն յայտնած է Իրանի հետ յարաբերութիւններու աշխուժ բնոյթէն եւ ընդգծած, թէ համագործակցութեան զարգացումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: 

Իրանի նախագահը շեշտած է երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման կարեւորութիւնը յատկապէս տնտեսութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ: 

 

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը

ՊՐԻՔՍ-ի 16-րդ վեհաժողովի շրջանակին մէջ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի հետ։

Կողմերը քննարկած են խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմաններու զատումը, սահմանագծումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթեր։

Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուած է շարունակել «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրին շուրջ երկկողմ բանակցութիւնները՝ ըստ կարելւոյն սեղմ ժամանակի մէջ զայն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով։