Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան մեկնած է Վատիկան, ուր հանդիպում ունեցած է Պապին հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 18-ին իր կնոջ հետ մեկնած է Վատիկան։

Այցի շրջանակին մէջ վարչապետը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս Պապի հետ:

Տեսակցութեան՝ Հայաստանի վարչապետը Պապին տեղեկացուցած է Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան գործընթացի վերջին զարգացումներուն մասին եւ վերահաստատած Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։

Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստան վճռակամ է յանուն խաղաղութեան՝ իրեն բաժին ինկող ներդրումը ունենալու այդ հարցին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է  Սուրբ Աթոռի՝ հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղուած շարունակական ջանքերուն համար։

Վարչապետը ընդգծած է նաեւ Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը Սուրբ Աթոռին՝ միջազգային հարթակներու վրայ խաղաղութեան օրակարգի սպասարկման եւ այս ուղղութեամբ միասնաբար հանդէս գալու եւ գործելու հարցին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ մնայուն Առաքելական նուիրակի մը նշանակումը զգալի առաջընթաց պիտի ըլլար բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ։