Փետրուար 22-ին, վարչապետը այցելած է «Քաղաքական երկխօսութեան ընտրանիներու ակումբ», ուր հանդիպում ունեցած է տարբեր բնագաւառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող ֆրանսական խումբ մը ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Ան անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ աշխուժացման հեռանկարներուն, տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերուն, գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն, ներդրումային նախագիծերու կարելիութիւններուն:
Փաշինեան առանձին հանդիպումներ ունեցած է նորագոյն արհեստագիտութիւններու հարթակին վրայ գործող Thales, IDEMIA ընկերութիւններու, «Փեռնօ Ռիքար»-ի, զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ նշանաւոր Societe des Trois-Vallйes ընկերութեան ղեկավարներուն հետ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։