Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ վեհաժողովի բացման արարողութեան

Հոկտեմբեր 4-ին, Հայաստանի վարչապետը Վիլեր Գոթըրէի՝ ֆրանսերէն լեզուի նոր աւանին մէջ, մասնակցած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 19-րդ վեհաժողովի բացման արարողութեան, ուր ելոյթներ ունեցած են Ֆրանսայի, Թունիսի նախագահները եւ ՖՄԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը։

Արարողութեան շրջանակին մէջ ՖՄԿ-ի նախագահութիւնը Թունիսէն փոխանցուած է Ֆրանսայի։