Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան մեկնած է Ռուսաստան

Հոկտեմբեր 7-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստան: Ան Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդական նիստին:

Այս կապակցութեամբ Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով լրագրողներուն հաղորդած է, թէ Հոկտեմբեր 8-ին՝ նախքան Խորհուրդի նիստը, նախագահ Փութին երկկողմ հանդիպումներ կ՚ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Քրեմլինի ներկայացուցիչը այլ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած։

Նշենք, թէ Մոսկուա կը գտնուին նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարները։

Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Վլատիմիր Փութինի տարեդարձը

Հոկտեմբեր 7-ին, Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տարեդարձին առթիւ, ուր մասնաւորապէս շեշտած է, թէ «կ՚ակնկալէ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան աշխուժացում, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման, վստահութեան եւ երկու պետութիւններու շահերու հիման վրայ բազմաշերտ երկխօսութեան զարգացում»։

Վարչապետը Ռուսաստանի նախագահին մաղթած է առողջութիւն, յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք։