Նոյեմբեր 19-ին, վարչապետ Փաշինեան, կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, ժամանած է Թունիս, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Ժողովին կը մասնակցին Ֆրանսայի նախագահը, Գանատայի վարչապետը եւ կազմակերպութեան անդամ քանի մը տասնեակ այլ պետութիւններու առաջնորդներ։
Համաժողովի ընթացքին Հայաստան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահութիւնը փոխանցած է Թունիսին:
Նոյն օրը վարչապետՓաշինեան իր ունեցած ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.-
(…) «Առերեսուելով նոր սպառնալիքներին՝ մենք ակնկալում ենք, որ միջազգային հանրութիւնն արդար գնահատական կը տայ այսօր մեր երկրում տիրող իրավիճակին՝ դատապարտելով հայկական տարածքի որոշ հատուածների բռնագրաւումը եւ պահանջելով ադրբեջանական ուժերի՝ իրենց նախկին դիրքեր վերադարձը։
Հայաստանն իր հերթին հաստատակամօրէն յանձնառու է նպաստել Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան հասնելու պայմանագրի գործընթացին, ինչպէս նաեւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։
(…) Մեր երկիրն ուշադրութեամբ հետամուտ է եղել թուային եւ տնտեսական տիրոյթներում ֆրանսախօսութեան գործունէութեանն ու ընդհանուր քարտուղարի ղեկավարութեամբ ձեռք բերուած զգալի առաջընթացին։ Այս առումով, մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնել Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան՝ ֆրանսախօս աշխարհի տարբեր տարածաշրջանների միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերի համար։
Կ՚ուզենայի ընդգծել նաև ֆրանսերէնի մասին ընդունուելիք հռչակագրի կարեւորութիւնը, որը կը դառնայ նշանակալի փաստաթուղթ ֆրանսերէն լեզուի վերաբերեալ՝ արձանագրելով ֆրանսախօս բոլոր երկրները շաղկապելու վերջինիս դերը։
(…) Այժմ ինձ մնում է Ձեզ յանձնել, պարոն նախագահ, Ֆրանսախօսութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը՝ մաղթելով Ձեզ ամենայն յաջողութիւն»:
***
Նշենք, թէ Ճերպայի մէջ բացուած է Ֆրանսախօսութեան աւան, ուր մասնակից երկիրները կը ցուցադրեն իրենց մշակութային բազմազանութիւնը՝ ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, զբօսաշրջային կարելիութիւններու, արուեստի ու մշակոյթի գործերու, ինչպէս նաեւ ազգային խոհանոցի ներկայացում եւ այլն։
Այս հարթակին վրայ Հայաստան կը ներկայանայ «Մշակոյթ և ճարտարարուեստ» խորագիրը կրող տաղաւարով, որու առանցքը կը կազմէ հայկական հարուստ գորգագործական մշակոյթը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։