Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեանի տարեդարձին առթիւ՝ Մաքրոնէն, Փութինէն ու … Լուքաշենքոյէն բարեմաղթանքներ ու անոնցմէ անդին

Յունիս 1-ին, Նի­կոլ Փա­շինեանի տա­րեդար­ձին առ­թիւ նա­խագահ Մաք­րոն հե­ռաձայ­նած է անոր, իր շնոր­հա­ւորու­թիւննե­րը յայտնե­լու հա­մար։ 

Վար­չա­պետը նա­խագահ Մաք­րո­նին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է շնոր­հա­ւորան­քին ու բա­րեմաղ­թանքնե­րուն, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տան-Ֆրան­սա յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման մէջ իր ու­նե­ցած բա­ցառիկ ներդրու­մին հա­մար:

Նոյն օրը, նա­խապէս Փա­շինեան հե­ռաձայ­նա­յին զրոյց ու­նե­ցած է նաեւ Ռու­սաստա­նի նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թի­նի հետ, որ փա­փաքած է նոյնպէս շնոր­հա­ւորել Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին տա­րեդար­ձը։

Փա­շինեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է հե­ղեղ­ի ու ողո­ղումնե­րու հե­տեւան­քով Լո­ռիի մար­զին մէջ աւե­րուած եր­կա­թու­ղա­յին հա­տուած­նե­րը ըստ կա­րել­ւոյն արագ վե­րականգնե­լու՝ Ռու­սա­կան եր­կա­թու­ղի­ի պատասխանատուներուն տրուած յանձնա­րարա­կանին հա­մար: Հայ-ռու­սա­կան լա­րուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րու պայ­մաննե­րուն մէջ այնքան ալ ան­տես առ­նուելիք երեւոյթ մը պէտք չէ հա­մարել այս մէ­կը։ 

Սա­կայն ամէ­նէն հե­տաքրքրա­կանն ու ու­շագրա­ւը Փա­շինեանի՝ Լու­քա­շեն­քո­յէն ստա­ցած շնոր­հա­ւորա­կան տո­ղերն են։

Պե­լառու­սի նա­խագա­հը այս առիթով Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին յղած պատգամին մէջ կոչ ըրած է սեր­տացնե­լու երկկողմ կա­պերը։

Եւ Լու­քա­շեն­քօ, որ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի հա­մաժո­ղով­նե­րուն միշտ ալ ան­թա­քոյց ար­հա­մար­հա­կան մօտեցում ցու­ցա­բերած է Հա­յաս­տա­նի ու մա՛նաւանդ անոր վար­չա­պետին նկատ­մամբ, գնա­հատա­կանի վե­րատե­սու­թեան ո՜վ գի­տէ ի՛նչ մղում(ներ)ով ու անակնկալ շրջա­դար­ձով մը գրած է.

«Դուք փոր­ձա­ռու քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ էք եւ ձեր եր­կա­րամեայ գոր­ծունէու­թեան ըն­թացքին միշտ ու­նե­ցած էք այն հա­մոզու­մը, որ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ամե­նաճշգրիտ կողմնա­ցոյ­ցը ժո­ղովրդա­կան դի­ւանա­գիտու­թիւնն է։ Ան մե­զի անսխալ կեր­պով ցոյց կու տայ, որ ճշմա­րիտ ու­ղե­նիշը յա­րաբե­րու­թիւննե­րու սեր­տա­ցումն ու հա­մագոր­ծակցու­թիւնն է։ …Ես կ՚ակնկա­լեմ, որ հար­ցե­րու բա­ւական լայն շրջա­նակի նուիրուած կա­ռու­ցո­ղական երկխօ­սու­թիւնը մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք թէ՛ երկկողմ ձե­ւաչա­փով, թէ՛ ալ մի­ջազ­գա­յին հար­թակնե­րու վրայ»։

Փու­թի­նի ու Լու­քա­շեն­քո­յի միաժա­մանակ այս «ջերմ» մօ­տեցու­մը նա­խա­կա­րապե՞տ մը պէտք է համարել հե­տաքրքրա­կան նոր զար­գա­ցում­ներու…։ ■