Վարչապետը ընդունած է խաղաղութեան «Գարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները

Յունուար 27-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Միջազգային խաղաղութեան «Գարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչներ՝ Կարօ Փայլանը, Եուճին Ռումըրը եւ Թոմըս տէ Վաալը:

Վարչապետը ողջունած է անոնց այցը Հայաստան, Հիմնադրամի հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանի նկատմամբ եւ պատասխանած շարք մը հարցումներու: Ան յատկապէս անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին, սահմանի զատման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ այդ համածիրին մէջ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող այլ նիւթերու շուրջ: