Դեկտեմբեր 20-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Գոմֆորթ Էռոն:
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Անոնք անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի կայունութեան ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման կարելիութիւններուն, Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ու վերջին զարգացումներուն:
Վարչապետը ներկայացուցած է հայկական կողմի կեցուածքը՝ խաղաղութեան պայմանագրի սկզբունքներուն շուրջ:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Ազերպայճանի կողմէ ցեղային զտման ենթարկուած եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան իրագործած ծրագրերուն շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը:
Նոյն օրը, Միջազգային ճգնաժամային խումբին նախագահը՝ Հայաստան հաստատուած Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ այցելած է հայ-ազերպայճանական սահմանը:
«Ապշեցուցիչ է տեսնել, թէ որքան մօտ են երկու կողմերու մարտական դիրքերը»,– X-իր էջին գրած է տիկին Էռօ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։