Ապրիլ 9-ին, Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան ընդունելով Ֆրանսայի Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը բարձր գնահատած է անձամբ տիկին Մարթին Վասալի ներդրումը՝ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման մէջ: Ան նշած է, թէ ներկայիս երկու երկիրներու միջեւ առկայ է համագործակցութեան նոր շունչ ու մակարդակ, եւ այդ աշխատանքին մէջ իրենց ներդրումը ունին նաեւ Ֆրանսայի այն շրջանները, որոնք Հայաստանի մարզերուն հետ կը պահպանեն ամուր կապեր: Միաժամանակ, վարչապետը յատկապէս ընդգծած է երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը եւ այդ շրջածիրին մէջ շեշտած՝ կառավարութիւններու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու սերտ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, տիկին Վասալ անդրադարձած է Հայաստանի հետ տնտեսութեան, առողջապահութեան, ընկերային, մարդասիրական բնագաւառներու փոխադարձ գործակցութեան եւ առաւել ընդլայնման կարելիութիւններուն ու քայլերուն: Ան տեղեկացուցած է, որ նոյն օրը Ֆրանսայէն Հայաստան կը ժամանեն տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող 30 ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք հայկական կողմին հետ պիտի քննարկեն ներդրումային ծրագրերու իրականացման եւ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Տիկին Վասալ աւելցուցած է, թէ յառաջիկային Մարսիլիոյ մէջ պիտի բացուի Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ համագործակցութիւնը, զբօսաշրջային փոխադարձ այցելութիւններու խթանումը:
Անդրադարձ կատարուած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։