Search
Close this search box.

ՎԵՆԵՏԻԿ – Հոյակապ համերգ Սուրբ Ղազարի մէջ ի պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Շառլ Ազնաւուրի

 

Վենետիկ, 17 Հոկտեմբեր 2024 

Անձրե­ւոտ աշ­նա­նային օր մը, Հա­յաս­տա­նի Պե­տական սենեկային նուա­գա­խումբը ան­մո­ռանա­լի հա­մերգ մը ներ­կա­յացուց Մխի­թարեան Միաբա­նու­թեան մայ­րա­վան­քին մէջ՝ Սուրբ Ղա­զար կղզիին վրայ։

Հա­մեր­գը մաս կը կազ­մէր Միաբա­նու­թեան հիմ­նա­դիր՝ Մխի­թար Աբ­բա­հօր մա­հուան 275-ամեակի նշումնե­րուն եւ նուիրուած էր Կո­միտաս Վար­դա­պետի ծննդեան 155-ամեակին ու ֆրան­սա­հայ եր­գիչ՝ Շառլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեակին։ Հայ եւ օտար ունկնդիր­նե­րու հոծ բազ­մութիւն մը ժա­մանած էր այս առի­թով Սուրբ Ղա­զար։

Մխի­թարեան վար­դա­պետ Հայր Հա­մազասպ Քէ­շիշեան բա­րեգա­լուստի երկխօս­քով բա­ցաւ երե­կոյ­թը, ոգեշնչուած մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լով՝ որու մէջ հայ ժո­ղովուրդի սրբա­զան երաժշտու­թիւնը եւ ֆրան­սա­կան շան­սոննե­րը ներ­դաշնակ կեր­պով միաձու­լուեցան։

Յայ­տա­գիրը բա­ցուե­ցաւ Կո­միտաս Վար­դա­պետի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով, որոնք կը մարմնա­ւորեն հայ­կա­կան ժո­ղովրդա­կան ու եկե­ղեցա­կան երաժշտու­թեան էու­թիւնը։ «Գա­րուն ա», «Շու­շի­կի» եւ «Կռունկ» խոր յու­զումով ըն­դունուեցան ներ­կա­ներուն կող­մէ, որոնք եռան­դուն ծա­փահա­րու­թեամբ վար­ձատրեցին վսեմ եւ նուրբ մեկ­նա­բանու­թիւնը։ Յատ­կա­պէս, ջու­թա­կահար Աստղիկ Վար­դա­նեանի մե­նանուագը՝ «Կռունկ»-ը, դի­մաւո­րուե­ցաւ քար լռու­թեամբ, զմայ­լա­ցած ժո­ղովուրդին կող­մէ։ Կո­միտա­սի պա­տարա­գէն՝ «Հայ­րա­պետա­կան մաղ­թանք»-ը հան­դի­սաւոր ու խո­նարհ եր­կիւղա­ծու­թիւն ստեղ­ծեց դահ­լի­ճին մէջ։

Հա­մեր­գի երկրորդ մա­սը բա­ցուե­ցաւ Եւ­րո­պայի մէջ առա­ջին ան­գամ հնչող «Ազ­նա­ւուր մետ­լի»-ով մը։ Մեկ­նա­բանու­թեամբ Հա­յար­փի Եղի­կեանի (զիլ) եւ Սի­փան Օլա­հի՝ (վե­րեր­գակ) « Pour toi Arménie » եր­գը ար­ժա­նացաւ եր­կա­րատեւ ծա­փող­ջոյննե­րու եւ նշեց հա­մեր­գի աւար­տը, փա­կելով այսպէս մե­ծանուն հա­յերուն նուիրուած ձեռ­նարկը, Սփիւռքի մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեկան հայ­րե­նիք հան­դի­սացող Սուրբ Ղազար մայրավանքին մէջ։

ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Խմբագրական