Վարչապետ Կապրիէլ Աթթալ Փետրուար 8-ին լրացումներ կատարեց իր կառավարութեան կազմին մէջ։ Բոլորին համար անակնկալ մը եղաւ Բնակարանի նախարարութեան գլուխը նշանակումը Էօռ եւ Լուառի երեսփոխան Կիյոմ Գասպարեանի։
Վարչապետին կատարած այս ընտրութիւնը հեռու է միաձայնութիւն վայելելէ։ Ձախը եւ մարդասիրական ընկերակցութիւնները իրենց գայթակղութիւնը եւ խոր զայրոյթը կը յայտնեն ի տես այս նշանակումին, քանի որ Կիյոմ Գասպարեան ծանօթ է որպէս վարձակալութեան հարցերու մէջ շատ խիստ միջոցներու կողմնակից քաղաքական անձնաւորութիւն մը։ Ան, հեղինակն է դատարկ բնակարաններու մէջ հաստատուածներու (եւ յարակից պարագաներու) արտաքսման դիւրացումը նախատեսող օրէնքի մը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։