Սեպտեմբեր 15-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանրային հեռատեսիլէն յայտարարած է, թէ միջազգային հանրութեան ներգրաւման շնորհիւ կարելի եղած է ձեռք բերել հրադադարի համաձայնութիւն, յոյս յայտնելով որ՝ Ազերպայճան շարունակէ զայն պահպանել։
Նախապէս ալ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Ժամը 20-էն բոլոր ուղղութիւններով կրակը գրեթէ դադրած է, էական միջադէպեր չեն արձանագրուած։
Սեպտեմբեր 15-ի ուշ ժամերուն կը պահպանուէր հրադադարը։
ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
– Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով Հայաստանի մէջ վնասուած է 192 բնակելի տուն. գոյքագրումը կը շարունակուի։
– Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զոհերու նոր թիւ հրապարակած է։ Ազերպայճանական բանակը ունի 71 մարդկային կորուստ: Նախապէս, Պաքու յայտնած էր 50 կորուստի մասին:
– Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միացեալ սպայակոյտի ղեկավար Անաթոլի Սիտորով յայտնած է, որ պաշտօնատար անձերու խումբի մը հետ Երեւան կը ժամանէ Սեպտեմբեր 15-ին: Կը նշուէր նաեւ, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհ. քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս հայ-ազերպայճանական սահման պիտի այցելէ գալ շաբաթ:
– Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութեան համար Հայաստան գտնուող Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան մասնակցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։ Ան յայտարարած է, թէ ներկայ փուլին Արցախի կարգավիճակին առնչուող որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր։
– Հայաստանի Աշխատանքի և ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Տաթեւիկ Ստեփանեան, Սեպտեմբեր 15-ին յայտարարած է, թէ իր նախարարութիւնը մարզային կառոյցներու, համայնքներու հետ համակարգուած աշխատանք կը տանի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած ընտանիքներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ան նշած է, որ բնակիչներու տեղափոխման աշխատանքները կազմակերպուած են մարզային մակարդակով, եւ թէ այժմ քաղաքացիներուն կը տրամադրուի անհրաժեշտ օգնութիւն՝ սնունդ, հագուստ, կօշիկ…: Ստեփանեան շարունակելով՝ ըսած է.- “Վստահեցնում եմ, որ որեւէ քաղաքացի դրսում չի մնացել, որեւէ հարց անարձագանգ չի մնացել: Եթէ կան մասնաւոր դէպքեր, ապա կարող են թէժ գծով դիմել: Մենք մշտապէս կապի մէջ ենք նաեւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գործընկերների հետ, որովհետեւ քաղաքացիներն իրենց կարիքները նաեւ Պաշտպանի միջոցով են փոխանցում: Այս պահի դրութեամբ չունենք որեւէ զանգ այն մասին, որ քաղաքացին դրսում է մնացել”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։