Յունիս 12-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմակայեց մեծ փորձանք մը։ Բագրատ արք.Գալստանեանի առաջնորդած «Տաւուշ յանուն հայրենիքի» շարժումը որոշած էր շրջափակել Խորհրդարանը եւ պարտադրել վարչապետին որ հրաժարական ներկայացնէ։ Այս առթիւ վերջնագիր ալ տրուած էր. «4 օր, 96 ժամ, խոստանում եմ ձեզ որ այդ փոփոխութիւնը տեղի է ունենալու»։ Տեղին է հարցնել՝ ուրկէ՞ այսքան ինքնավստահութիւն Սրբազանին, երբ Յունիս 12-ին հազիւ չորս հազար հոգի կրցած էր հաւաքել Ազգային ժողովին դիմաց, Բաղրամեան պողոտային վրայ։ Մայիս 9-ի Հանրապետութեան հրապարակի 30-40 հազարի հասնող հաւաքէն ի վեր երթալով հետեւորդները պակսեցան, սակայն ատով հանդերձ Արքեպիսկոպոսին յաւակնութիւնները մեծ են։ Իսկ Փաշինեանի կառավարութիւնը ըստ երեւոյթին կը վայելէ լռելեայն հաւանութիւնը ժողովուրդի զգալի մասին, որ չանսաց Գալստանեանի կոչին։ Իսկ միւս մասն ալ վստահութիւն չունի Սրբազանին հանդէպ, որ կը վայելէ Կաթողիկոսին, ՀՅԴ-ՀՀԿ-Քոչարեան քաղաքական ուժերուն լիարժէք զօրակցութիւնը։
Նախանցեալ օրերուն Գալստանեան զանազան ազդանշաններ ղրկած էր որ Խորհրդարանը պէտք է գրոհել, թէեւ ան կը ժխտէ իրողութիւնը, սակայն պատգամները յստակ են՝ «պիտի արգելափակենք որ դուրս չգան», «Յառաջ գնալու պահն է առանց վախի ու երկմտանքի. մենք լուծելու ենք այս խնդիրը», «Այսօր օրն է, գնալու ենք Խորհրդարանի շէնք», «Վճռորոշ պայքար»։
Եւ փաստօրէն տեղի ունեցաւ գրոհ ոստիկանութեան վրայ, փորձ՝ կոտրելու ոստիկանական շղթան, գրաւելու համար Խորհրդարանը։ Ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներով ետ մղեց յարձակումը։ Շուրջ հարիւր հոգի վիրաւորուեցաւ այս դէպքերու ընթացքին։ Ցայսօր Հայաստանի խորհրդարանը երեք մեծ գրոհներու ենթարկուած է։ Բարեբախտաբար չորրորդ փորձը կանխուեցաւ։
Մինչ այդ, դիւանագիտական մարզին մէջ ԱՄՆ-ու կողմէ մեծ աշխուժութիւն կը ցուցադրուի։ Արտաքին գործոց փոխնախարար, Եւրասիական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Ճէյմզ Օ՚Պրայըն Հայաստանի հետ ԱՄՆ-ու ռազմավարական երկխօսութիւնը բարձրացուց գործակցութեան աստիճանին։ Այս առթիւ Ռուսաստանէն դժգոհութեան ազդանշանները չեն պակսիր։ Խորհրդարանական լսումներու ժամանակ՝ վարչապետ Փաշինեան Պելառուսի նախագահ Լուքաշենքոյի՝ Ազերպայճանին 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ռազմական օգնութեան անդրադառնալով, յայտարարեց որ այլեւս ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պիտի այցելէ այդ երկիրը այնքան ատեն որ Լուքաշենքօ նախագահ է, իսկ ՀԱՊԿ-ի մասին առաջին անգամ ըլլալով նշեց, որ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ այդ կառոյցէն դուրս գալը, որովհետեւ այդ կառոյցի անդամները Հայաստանի դաշնակից ձեւանալով անոր դէմ աշխատած են։
Ֆրանսայի հետ եւս ռազմական գործակցութիւնը կը զօրանայ. Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փարիզի մէջ Eurosatory ցուցահանդէս այցելութեան առթիւ ստորագրեց «Caesar» թնդանօթներու գնումի պայմանագիր, շարունակելով Հայաստանի զինամթերքի բազմազանութիւնը ապահովելու եւ հայկական բանակը արեւմտեան ռազմական հայեցակարգի չափանիշերով օժտելու ռազմավարութիւնը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։