Մխիթարեան միաբանութեան 1980-90-ական թուականներուն սկսած տագնապալի շրջանը դեռ չէ աւարտած։ Առիթ տուած է բազմաթիւ գայթակղալից պատումներու, ըսի-ըսաւներու։ Այն ինչ անժխտելի է՝ Միաբանութիւնը սխալ տնօրինումի պատճառով ունի կուտակուած պարտքեր, վանքապատկան կարգ մը կալուածներ պարտքի դիմաց տրուած են, նիւթական վիճակը անձուկ է, Միաբանութիւնը զոհ գացած է խարդախուած պայմանագրերու… Վերջին յիսուն տարիներու Մխիթարեան միաբանութեան տագնապալի շրջանին մէջ կ՚առանձնանայ Վիեննայի Մխիթարեանը։
Փարիզի մօտակայ շրջանի՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատ վարժարանը եւս զերծ չմնաց Մխիթարեան միաբանութեան ապրած տագնապներէն։ Հարցը մինչեւ դատարան հասաւ՝ Միաբանութեան եւ վարժարանի կալուածին տնօրինումը ստանձնած Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի ընկերակցութեան միջեւ ծրագրային անհամաձայնութեան պատճառով։
Այս սեւ ու ցաւալի պատկերին դիմաց, բարեբախտաբար Միաբանութեան Վիեննայի վանականութիւնը կրցած է տնտեսապէս ինքնաբաւ դառնալ, վանական կեանքն ու գործունէութիւնը բնականոն պահպանել, անցնցում գոյատեւել, ճիշդ բարենորոգումներ կատարելով, վանքի կալուածային հարստութեան տնօրինումը հմտօրէն իրագործելով։
Մխիթարեաններուն Վիեննա հաստատման 200-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած գիտաժողովին (2011 Սեպտեմբեր) Հ. Նարեկ Տատուրեան շատ շահեկան զեկոյց մը ներկայացուցած է վանքի վերանորոգման աշխատանքներուն մասին եւ վանքի եկամտաբեր կալուածներու վերանորոգման եւ վարձակալութեան նոր պայմանագրերու ստորագրութեան վերաբերեալ։ Հայր Տատուրեան մաս կը կազմէ Պապին կողմէ նշանակուած այն եռանուն յանձնախումբին, որ պէտք է կարգաւորէ Մխիթարեան միաբանութեան անձուկ վիճակը։
Անկախ՝ Միաբանութեան տնտեսական եւ կառավարման հարցերէն, Հայ եկեղեցւոյ տագնապը նոր հոգեւորական կոչումներ գտնելու կամ հասցնելու տագնապն է։ Բնականաբար, կառավարման առողջ համակարգ մը եւ տնտեսական բարգաւաճ պայմանները կ՚օգնեն։ Կրօնական միաբանութեան տագնապներուն մասին միայն արտաքին տեղեկութիւններ կը ստանանք, սակայն շատ քիչ կը խօսուի հոգեւոր առաքելութեան իմաստի կորուստին մասին։ Արդեօք արդիւնք է հաւատքի՞ նուազումի։ Այս հարցադրումը շատերու մտքին մէջ կը դառնայ, առանց որեւէ ճշգրիտ պատասխանի։ Յամենայն դէպս, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան բռնած ճանապարհը կը մնայ ինքնուրոյն։ Մեծ է մշակոյթին եւ հայագիտութեան բերած անոր նպաստը։
Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններէն մաս մը բաժնուելով կը հաստատուի Վիեննա, նախապէս անցնելով Թրիեսթէէն։ 1810-ին Ֆրանց Ա. կայսրին արտօնութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան երկրորդ կեդրոն մը կը հիմնուի Վիեննայի մէջ, որ 1811-ին կ՚ապաստանի կապուչինեան վանք մը։ 1837-ին կը սկսի նոր վանքի կառուցումը, վանքին այժմու հասցէին, եւ փողոցն ալ կ՚անուանուի Մխիթարեաններու անունով։ 1874-ին վանքը կը ստանայ այսօրուան տեսքը՝ նորակառոյց եկեղեցիով, Գամիլլօ Սիթթէի նախագիծով: Շատ տպաւորիչ է աւագ խորանի հսկայ նկարը, որ կը ներկայացնէ Հայաստան աշխարհը Աստուածամօր պաշտպանութեան տակ: Իսկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի խորանը եւս արուեստի եզակի գործ է, Վիեննայի խորհրդարանի ճարտարապետ Թէոֆիլ Ֆոն Հանսենի յղացումով։
200-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ 2011-ին վերանորոգման աշխատանքները վանքի Ս. Աստուածամօր եկեղեցիին եւ վանքին զանազան բաժիններուն կու տան իրենց սկզբնական փայլը։ Վանքի վերանորոգումը ծախսալից է եւ նկատի ունենալով անոր պատմամշակութային արժէքը, վերանորոգութեան յատուկ արտօնութիւններ կը պահանջուին, վերանորոգման մասնագէտներու եւ շինարարական մասնագիտացած ընկերութիւններու ներգրաւումով։
Վանքի գլխաւոր բաժինը կառուցուած է 1837-ին ըստ ծանօթ ճարտարապետ Եոզեֆ Քոռնհայզլի գծագրին։
2000-ին, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման 300-ամեակի յոբելեանին առիթով եւ անջատումէն 227 տարի ետք, Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեանները դարձեալ միացան, դառնալով մէկ Միաբանութիւն:
2011-ին Վիեննայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներէն յետոյ եկեղեցին ստացած է իր սկզբնական փայլը. այդ վերանորոգութիւնը իրագործուած է Հայր Նարեկ Տատուրեանի տքնաջան աշխատանքով, որ 2003-ին վանքին վերակացու կը նշանակուի։ Այն ժամանակ վանքի եւ վանքապատկան միւս շէնքերը կը գտնուէին ելեւմտական տխուր վիճակի մէջ։ Տասնեակ տարիներ շարունակ վանքը իր եկամտաբեր շէնքերու տնտեսութիւնը վստահած ըլլալով ընկերութեան մը, վարձու շէնքերը կը գտնուէին ողորմելի վիճակի մէջ եւ այդ պատճառով ալ մի՛այն խեղճուկ վարձքով վարձու կը տրուէին։ Պէտք էր վանքի եկամուտները վերականգնել։ Նոր վստահելի վարչութեան օգնութեամբ Հայր Տատուրեան կը մշակէ կարելիին չափ շուտ բոլոր շէնքերը վերանորոգելու ծրագիր մը, դիմագրաւելու համար վանքի եւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծախսերը։
Վիեննայի «Յուշարձաններու պաշտպանութեան վարչութիւն»-ը եւ Հին քաղաքի պահպանութեան հիմնադրամը, որոնք ամէն կերպ եւ մա՛նաւանդ նիւթապէս կ՚օգնեն, ինչպէս նաեւ զանազան հաստատութիւններ եւ բազմաթիւ անհատներ, որոնց գործակցութիւնը իւրաքանչիւր մարզի մէջ արժանի է մեծ գնահատանքի։
Նորոգութիւնը Վանքի թաքուն գանձերը երեւան կը բերէ, գանձեր որոնք ժամանակի ընթացքին կորսուած էին կամ անտարբերութեան մատնուած։ Օրինակ Ճաշարանին մէջ՝ ճակատին, «Հինգ հազար հոգիի կերակրումը» 6×4 մեթր մեծութեամբ հոյակապ իւղանկարը, որ գործն է նշանաւոր նկարիչ Լուտվիկ Ֆերտինանտ Շնորր Ֆոն Գառոլսֆելտի, քանի մը խաւ տարբեր ծեփերու տակ թաքնուած էր։ Այդ ծեփը մաքրելէ եւ պատուհանները նորոգելէ վերջ՝ սկզբնական նկարազարդումը իր ամբողջական շքեղութեամբ ի յայտ եկաւ։
ՄԵԾ ՈՂՈՂՈՒՄԻՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ
2007-ին, տեղատարափ անձրեւէ վերջ տանիքի ներսէն անցնող խողովակ մը խցուած ըլլալով, մեծ ողողում մը կը պատճառէ ու Գամիլլօ Սիթթէի կառոյցին երեք յարկերը ջուրի թափանցումով կ՚ողողուին։ Կը վնասուին թանգարանի, մատենադարանի եւ աբբայարանի մասնաբաժիններ։ Այս դժբախտութիւնը, ճիշդ հակառակը՝ առիթ կը դառնայ թանգարանի բաժնին մէջ հիմնական շինարարական թեքնիք վերանորոգումներու, որոնց ընթացքին կը շինուին նաեւ շատոնց ծրագրուած նոր ցուցափեղկեր եւ անոնց մէջ կ՚իրականանայ առարկաներու նոր խմբաւորումն ու տեղաւորումը։
ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ
Մատենադարանին մէջ կատարուած աշխատանքները երեւան հանեցին շէնքին ներքին ճարտարապետութեան նախնական կառուցուածքը, որ առաստաղին՝ քանի մը խաւ ծեփի ու ներկի տակ թաքնուած էր։ Չորցնելէ ետք առաստաղն ու գետինը, վերահաստատուեցան սկզբնական տախտակամածները։ Համաձայն պատերու նախնական նկարազարդման՝ վերանորոգուեցան նաեւ գրադարանի թանկարժէք պահարանները։ Աբբայարանի ընդունելութեան սրահները իրենց ամբողջական կահաւորումով վերանորոգուեցան ժամանակի ոճին համաձայն։
ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՏԸ
«Պաշտպան Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ վրայ Աստուածամօր ցոյց տուած պաշտպանութիւնը շօշափելի իրողութիւն է։
Երկրորդ աշխարհամարտի վերջին օրերուն ռմբակոծումներէ վնասուած եկեղեցւոյ 1960-ի վերանորոգութեան ընթացքին, որոշուած էր եկեղեցւոյ գմբէթն ու պատերը առժամաբար նորոգել եւ ամբողջը սպիտակ գոյնով ներկել։ Այդ խաւին տակ, բարեբախտաբար, դեռ մասամբ պահուած էր ճարտարապետ Գամիլլօ Սիթթէի յղացած սկզբնական նկարազարդումը, որուն մեծ մասը ի՛ր իսկ ձեռքով կատարուած էր։ Թէեւ Սիթթէ եկեղեցւոյ շինութիւնը կրցած էր աւարտել 1874-ին, բայց եւ այնպէս միայն 1901-ին կրցած էր ամբողջացնել պատկերներն ու նկարազարդումները, որոնք սկիզբէն ծրագրուած էին։ 1960-ի վերոնշեալ աշխատանքներուն համար՝ եկեղեցին մետաղեայ նեցուկներով բոլորովին ծածկելէ ետք, սկսան քննութիւնները։ Քանի մը փորձարկութիւններ քաջալերական արդիւնք տուին։ Որոշուեցաւ անսովոր գործողութիւն մը՝ նախատիպի վերարտադրութիւնը։
Գմբէթը եկեղեցւոյ պսակն է։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը կը բացուի դէպի երկինք։ Նկարազարդումները, որոնք կը սկսին դրախտի վարդերու պարտէզէն, մեղանչումի եւ դրախտէն վտարուելու տեսարաններով՝ կը շարունակուին փրկագործութեան տարբեր ներկայացումներով, մարգարէներէն եւ հրեշտակապետերէն դէպի հայ սուրբերը՝ մեծ սրահի պատերուն ու կամարին վրայ եւ աւագ խորանին վերեւ։ Հրաշալի այս բոլոր գեղեցկութիւնները ծածկուած էին ճերմակ ներկով։ Իրապէս ճարտարապետական արուեստի անզուգական այս գանձը գնահատողներուն եւ անոր իրականացման համար իրենց խորհուրդով ու գործով թիկունք կանգնողներուն վարձքը կատար։ Հիմա կարելի է հիանալ ճարտարապետական տարրերու գունաւոր ձեւաւորման եւ գմբէթի նկարազարդման յաջող վերարտադրութեան վրայ եւ վայելել Սիթթէի կողմէ գիտակցաբար ստեղծուած անջրպետային հմայքը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՃՈՎ ՆԱԽԱԳԱՒԻԹԸ
Աշխատանքներու վերջաւորութեան նորէն անակնկալօրէն ի յայտ կու գայ Եկեղեցւոյ մուտքին երգչախումբի վերնատան տակ մինչեւ օրս թաքուն մնացած առաստաղի հարուստ նկարազարդումը։ Այդ կամարներուն եւ սիւներուն տակ Սիթթէ ջանացած է Վերածնունդի ոճէն եւ հայկական մանրանկարչական արուեստէն ներշնչուած մտայղացումով համադրութիւն մը կազմել Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ։ Այսպէսով, Վիեննայի եկեղեցին կ՚ըլլայ գեղարուեստական պատկերացումը Վիեննական Մխիթարեան միաբանութեան միջնորդի աւանդական դերին՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ։ Միաբանութիւն մը, որ Վիեննայի մէջ կը նուիրուի հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան ու զարգացման եւ փոխադարձաբար գերմանական լեզուի ու մշակոյթի արժէքները կը ջամբէ Միջին Արեւելքի իր դպրոցներուն մէջ։
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՐԵՒԵԼՔ-ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԿԱՄՈՒՐՋ
200 տարի առաջ որպէս գաղթականներ՝ կայսերական Վիեննայի մէջ հիւրընկալուած Մխիթարեանները իրենց կարգին, իբրեւ երախտագիտութիւն, շատ բան տուած են քաղաքին՝ հայ մշակոյթի աշխարհահռչակ ժողովածուներուն հետ նաեւ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու վիեննական ճարտարապետութեան ու նկարչութեան վերայայտնուած սքանչելի գործեր։
Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնը ունի նաեւ հայ մամուլի բացառիկ հաւաքածոյ մը, թերեւս մեծագոյնը։ Լոյս կ՚ընծայէ «Հանդէս Ամսօրեայ» հանդէսը, որ 1887-էն ի վեր առանց դադարի կը շարունակէ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան իր ծառայութիւնը։ Ունի իր հրատարակչատունը եւ առցանց գրախանութը (https://mechitharisten.org)։ Եւ շարքը ամբողջացնելու համար Վանքը կը պատրաստէ իր յատուկ ըմպելին՝ շատ սիրուած «Մխիթարին»-ը, 1889-էն ի վեր: «Մխիթարին»-ի պատրաստութեան եղանակը իբրեւ գաղտնիք կը պահպանուի Միաբանութեան մէջ: Յայտնաբերուած է 1680 թուակիր հին ձեռագրի մը մէջ, որուն բնագիրը ինքը՝ Մխիթար աբբահայրը հետը բերած է Կոստանդնուպոլսէն:
«ՆՅ» ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։