Մարտ 16-ին, Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է գրական-գեղարուեստական երեկոյթ մը՝ «Յովհ. Թումանեանը եւ Վրաստանը» խորագրով: Ներկայ եղած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեան, վրացի գրողներ, բանաստեղծներ, հայագէտներ, թարգմանիչներ, ուսուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հայ եւ վրացի ուսանողներ, վիրահայ մտաւորականներ:
Օրուան բանախօսներու ելոյթները նուիրուած էին ժողովրդական մեծ բանաստեղծին եւ հայ-վրացական յարաբերութիւններու արժեւորման։ Անոնք անդրադարձած են Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցին մէջ Թումանեանի ուսանելու ժամանակաշրջանին, հայ եւ վրացի ստեղծագործողներէն կատարուած թարգմանութիւններու, 1918-ին Թիֆլիսի պետական համալսարանի բացման տարիներուն Թումանեանի ներդրած աւանդին:
Գեղարուեստական բաժնին մէջ Նաթալիա Միրզոյեան արտասանած է Թումանեանի «Շունն ու կատուն» (վրացերէնով), իսկ Այտա Բազոյեան-Սուրմալեան եւ Արման Պապիկեան մեկնաբանած են հատուածներ՝ Սայեաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։