Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Յովհաննէս Թումանեան՝ Ա. Շուգարովի կերտած դիմանկարէն «պիտի ողջունէ» իր անունով մկրտուած կեդրոնի այցելուները

 

Վիրահայոց թեմի «Յովհ. Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնի աշխատակիցներուն համար անակնկալ չէր ծանօթ գեղանկարիչ, ծնունդով թիֆլիսցի Անդրեյ Շուգարովի այցը՝ Թիֆլիս, քանզի «Վրաստան» թերթէն արդէն տեղեկացած էին նկարիչին՝ թիֆլիսահայութեան այցելութեան մասին:

Արդարեւ, Հոկտեմբեր 12-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանի առաջնորդութեամբ, Կեդրոն այցելած է Երեւանէն ժամանած արուեստասէրներու խումբը, որուն մաս կը կազմէին Շուգարով, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեան եւ ուրիշներ:

Այցելելով  Թումանեանի թիֆլիսեան նախկին բնակարանը, Շուգարով կեդրոնին նուիրած է Թումանեանի դիմանկարով իր կտաւը՝ նշելով, թէ այսուհետեւ Ժողովրդական մեծ բանաստեղծը սոյն կեդրոնի այցելուները  «պիտի ողջունէ» այդ դիմանկարէն:

Սրբազան հայրը անուանի մեծ վարպետը պարգեւատրած է «Յովհաննէս Թումանեան» յուշամետալով: