Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – «Ջաւախքի գարուն» երգի-պարի 14-րդ մրցոյթ-փառատօնը

Օգոստոս 9-ին, Ախալքալաքի մէջ տեղի ունեցած է «Ջաւախքի գարուն» երգի-պարի 14-րդ մրցոյթ-փառատօնը, մասնակցութեամբ  27 համոյթներու։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տուած է իր հմտութիւնները, տարբեր տարիքի երեխաներ ներկայացուցած են թէ՛ հայկական, թէ՛ վրացական պարեր։ Բեմէն հնչած են նաեւ ժողովրդական մեներգեր։ Փառատօնին ներկայ եղած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ, երեխաներու ծնողները, մտերիմներն ու ընկերները։

Ախալքալաքի միացեալ ակումբներու տնօրէն Աշուղ Ալիք Ջաւախք շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետարանին՝ փառատօնի կազմակերպութեան նիւթապէս աջակցելուն համար։

Աւարտին՝ դատակազմը յայտարարած է մրցոյթը շահողներուն անունները. «Պար» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակը ստացած է «Խանդօ» գիւղի համոյթը, իսկ «Երգ»-ինը՝ Անի Թորոսեան։