Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Սկսած են Նինոծմինդայի շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները

 

Օգոստոս 19֊ին, Ջաւախք կատարած իր առաջնորդական այցի շրջանակին մէջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեան, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի առաջնորդական փոխանորդ Նշան վրդ. Հմայեակեանի ուղեկցութեամբ եւ Նինոծմինդայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ու յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արմաշ քհնյ Պօղոսեանի մասնակցութեամբ, ծանօթացած է Նինոծմինդայի շրջանի  Մեծ Խանչալ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներուն։

Արդարեւ նշանակալից օր մըն էր մեծխանչալցիներու համար։ Խորապէս ըմբռնելով Աստծոյ տան անհրաժեշտութիւնը գիւղի առօրեայ կեանքին մէջ, տեղւոյն բնակչութիւնը սեփական միջոցներով ստանձնած է փլուզուած եկեղեցւոյ վերակառուցման գործը։

Թեմակալ առաջնորդը եւ փոխառաջնորդը օրհնութեան խօսք ուղղած են տեղացիներուն եւ գնահատած անոնց եկեղեցանուէր գործունէութիւնը։