Յուլիս 21-ին, հայ մեծանուն գրող Վահան Տէրեանի ծննդավայր՝ Վրաստանի Նինոծմինդա շրջանի Գանձա գիւղին մէջ տեղի ունեցած է բանաստեղծին նուիրուած «Տէրեանական օր»-ուան տօնակատարութիւնը։ Ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Սամցխէ-Ջաւախեթի շրջանի Վրաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը, Նինոծմինդայի քաղաքապետը եւ բազմաթիւ հիւրեր Վրաստանէն ու Հայաստանէն։
Հայաստանի դեսպանը ընդգծած է նմանատիպ նախաձեռնութիւններու նշանակութիւնը՝ հայ-վրացական հասարակական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման առումով։
Ձեռնարկին մասնակից հիւրերը այցելած են Գանձա գտնուող Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը, ներկայ գտնուած են տեղւոյն Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն յաջորդած է Նինոծմինդայի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած համերգը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։