Search
Close this search box.

«ՏաԹեւեր» ճոպանուղին 3-րդ անգամ արժանացած է World Travel Awards 2024 միջազգային մրցանակին

«ՏաԹեւեր» ճոպանուղին երրորդ անգամ արժանացած է զբօսաշրջութեան բնագաւառի ամէնէն հեղինակաւոր միջազգային մրցանակներէն՝ World Travel Awards 2024-ին, այս տարի եւս յաղթելով «աշխարհի առաջատար ճոպանուղի» անուանակարգին մէջ:

Հայկական ճոպանուղին լաւագոյնը ճանչցուած է աշխարհի մէջ՝ իր ետին ձգելով Պոլիվիան, Պրազիլը, Վիեթնամը, Գանատան, Նոր Զելանտան, ԱՄՆ-ն եւ Հարաւային Ափրիկէն: Նախագիծը արդէն երկու անգամ յաղթանակ արձանագրած էր վերոնշեալ անուանակարգին մէջ՝ 2021 եւ 2023-ին։ Լուրը կը հաղորդէ IDeA հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը։

“«ՏաԹեւեր»-ի՝ բաց քուէարկութեամբ յաղթանակը յայտարարուեցաւ Նոյեմբեր 24-ին, Փորթուկալի Մատէռ կղզիին մէջ տեղի ունեցած World Travel Awards 2024 մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։

World Travel Awards մրցանակաբաշխութիւնը յաճախ կ՚անուանեն «Զբօսաշրջային Օսքար»։ Ան հիմնադրուած է 1993-ին եւ անկէ ի վեր կը ծառայէ ճամբորդութեան եւ հիւրընկալութեան ոլորտի կարեւոր նուաճումներու չափանիշ:

Արդէն երրորդ անգամ այս հեղինակաւոր մրցանակին արժանանալը կը վկայէ, որ Հայաստանի մէջ ունինք համաշխարհային չափանիշով եզակի զբօսաշրջային ենթակառոյց, որ մէկ կողմէ կը նպաստէ Սիւնիքի մարզի ու անոր զբօսաշրջային ներուժի զարգացման, միւս կողմէ երկրի հիւրերուն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը: 

Երկրորդ տարին է, որ հայրս հնարաւորութիւն չունի անձամբ ստանալու այս մրցանակն ու շարունակելու իր բարեսիրական ու մարդասիրական ծրագրերը, քանի որ շինծու մեղադրանքով ապօրինաբար կը պահուի Պաքուի բանտին մէջ: Հպարտ եմ, որ հօրս ծրագրերը ամբողջ աշխարհի մէջ բարձր կը պահեն Հայաստանի անունը”,– ըսած է «ՏաԹեւեր» ճոպանուղիի  ծրագիրը իրագործած Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան:

Նշենք, թէ «ՏաԹեւեր» նախագիծը կ՚իրագործուի Ռուբէն Վարդանեանի եւ անոր կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտի կողմէ սկսուած «ՏաԹեւի Վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս։ Նախագիծը կը կառավարէ Impulse Business Management ընկերութիւնը։