Պոլիս ծնած հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու Հոկտեմբեր 14-ին արժանացած է տնտեսագիտութեան բնագաւառի Նոպէլեան մրցանակին։ Ան այս մրցանակը կը բաժնէ տնտեսագէտ Ճեյմզ Ռոպինսոնի եւ հետազօտող Սայմըն Ճոնսոնի հետ։
Աճեմօղլու եւ Ռոպինսոն «Ինչո՞ւ կը ձախողին պետութիւնները» (Why nations fall) համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիրքի հեղինակներն են։
Նոպէլեան մրցանակի յանձնախումբին համաձայն՝ երրեակը մրցանակին արժանացած է «ընկերային բնոյթի հիմնարկութիւններու՝ երկրի մը բարգաւաճման մէջ կարեւորութիւնը ցոյց տալուն համար: Այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր օրէնքի գերակայութիւնը թոյլ է եւ հիմնարկները կը շահագործեն բնակչութիւնը, աճ կամ դրական փոփոխութիւն չ՚արձանագրուիր: Դափնեկիրներու հետազօտութիւնը կ՚օգնէ մեզի հասկանալ, թէ՝ ինչո՛ւ»։
Աճեմօղլու՝ Նոպէլեան մրցանակը շահած երկրորդ հայն է։ 2021-ին, բժշկագիտութեան բնագաւառին մէջ կենսաբան, նեարդաբան Լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան արժանացած էր Նոպէլեան մրցանակին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։