Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնին համաձայն՝ բեմադիր Տիգրան Առաքելեանի «Զաքօ» կենդանապատկեր ժապաւէնը հրաւիրուած է Անսիի միջազգային փառատօն։
«Զաքօ»-ն հիմնուած է նկարիչ Տիգրան Մանգասարեանի նոյնանուն գծանկար նորավէպին վրայ, որ իր հօր՝ նկարիչ Սարգիս Մանգասարեանի կեանքի պատմութիւնն է։ Իրադարձութիւնները, որոնց ընդմէջէն անցած է հայ նկարիչը, կը հիացնեն իրենց սրտայոյզ թատերականութեամբ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին գերեվարուելով եւ անցնելով Ռեյխի ճամբարներէն՝ ան կը յաջողի ողջ մնալ շնորհիւ իր նկարչական տաղանդին եւ ստիպուած կ՚ըլլայ նկարելու իր բռնակալներն ու անոնց կիները։
Հայրենիք վերադառնալէն ետք, 1956-ին Սարգիս Մանգասարեան կարելիութիւնը կ՚ունենայ այցելելու Մոսկուայի «Պուշկին» թանգարանին մէջ ներկայացուած Փիքասոյի ցուցահանդէսը, ուր Կերնիքայի հսկայական նկարին ընդմէջէն կը տեսնէ պատերազմի օրերուն իր ապրած ամբողջ դժոխքը: Ան կ՚անդրադառնայ, որ իբրեւ նկարիչ մնացած է «խակ»՝ ամբողջատիրական համակարգի ազդեցութեան հետեւանքով։
Ժապաւէնին բեմադիրը Տիգրան Առաքելեանն է, բեմագիրը՝ Էդգար Բաղդասարեանը, բեմադրող նկարիչը՝ Տիգրան Մանկասարեանը, արտադրողը՝ Սուսաննա Խաչատրեանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։