Ապրիլ 21-ին, նման եղելութեան մը համար անսովոր ժամու մը՝ առաւօտեան 9-ին, նոյնքան անսովոր վայրի մը՝ Կապանէն (Սիւնիքի մարզ) ոչ հեռու՝ արծուաբոյն, դրախտային գեղեցկութեամբ Խուստուփ լեռան լանջին՝ նոյնքան գեղատեսիլ Փսկու Խութի բարձունքին «Հող եւ ջուր» խորագրով համերգ մը տուած է հայ աշխարհահռչակ ճազ դաշնակահար եւ յօրինող Տիգրան Համասեան։ Դաշնակը բարձունք փոխադրուած է ուղղաթիռով։
Համերգէն առաջ Տիգրան Համասեան ընկերային ցանցերու մէջ գրած է հետեւեալը. «Մեր նախնիները սրբավայր Խուստուփ լեռան մէջ կը փնտռէին իրենց զարթնումը։ Ապրիլ 21-ին մենք կը բարձրանանք դէպի գերագոյնը, կ՚երթանք Խուստուփ, որպէսզի արթննանք թմբիրէն եւ տարածենք այս զարթնումը ամբողջ Հայաստանի մէջ։ Հայեացքդ մի՛ շեղեր Խուստուփէն. որքան յաճախ, որքան շատ նայիս այդ սէգ ու սեւ ամպերով ծածկուած լեռան, այնքան շուտ պիտի հասնի քու փրկութիւնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։