Search
Close this search box.

Փալոն.– «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համաժողովի նախագահը պէտք չէ ջնջէր Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելու մասին իր գրառումը»

 

ԱՄՆ-ու ծերակուտական Ֆրենք Փալոն «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է, թէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համաժողովի նախագահ Ապտուլլահ Շահիտ պէտք չէ ջնջէր Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելու վերաբերեալ իր գրառումը:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած են 33 երկիրներ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ։ ՄԱԿ-ը պէտք չէ դառնայ Թուրքիոյ գործակիցը՝ Պատմութենէն հրաժարելու հարցին մէջ։ Շահիտ սխալած է՝ ջնջելով իր գրառումը ու տեղի տալով Թուրքիոյ ճնշումներուն»,– ընդգծած է ծերակուտականը: