Մարտ 30-ին, Արտաշատի մէջ տեղի ունեցած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսելով Պաքուի պահանջած Տաւուշի չորս գիւղերու մասին ըսած է. “Շատ յստակ պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը երբեւէ յաւակնութիւն չի ունեցել եւ չունի Տաւուշի մարզի՝ Պաքուի պահանջած չորս գիւղերի տարածքների նկատմամբ, առաւել եւս այն պայմաններում, երբ մեզ համար ակնյայտ է, որ Ադրբեջանը փորձում է գտնել պատրուակներ, տարածաշրջանում նոր, լայնամասշտաբ պատերազմ սկսելու համար”:
Ան նշած է, որ իր կառավարութեան համար շատ կարեւոր է ընդգծել, թէ ուր կը գտնուի Հայաստանի սահմանը եւ կը յուսայ որ Ազերպայճան նոյնպէս այդ ուղղութեամբ քայլ կ՚առնէ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։