Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Եթէ օրինակ՝ Ազերպայճան կը նահանջէ խաղաղութեան օրակարգէն, չի նշանակեր, որ մենք ալ պէտք է հրաժարինք»

Յունուար 17-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի մէջ անգամ մը եւս հաստատած է, որ կառավարութիւնը խաղաղութեան օրակարգէն պիտի չհրաժարի։

“Մենք Ազերպայճանի տրամաբանութեամբ չենք հռչակած խաղաղութեան օրակարգը, մենք մեր տրամաբանութեամբ հրչակած ենք զայն, ի հարկէ այն ըմբռնումով, որ խաղաղութիւնը միակողմանի գործողութիւն մը չէ։

Եթէ օրինակ՝ Ազերպայճան կը նահանջէ խաղաղութեան օրակարգէն, չի նշանակեր, որ մենք ալ պէտք է հրաժարինք, ընհակառակն՝ մենք պէտք է աւելի շատ շեշտադրումներ ընենք, պէտք է աւելի շատ փաստարկենք”,– շեշտած է ան կառավարութեան ուղղուած հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ։

Այս առիթով, վարչապետը նաեւ յայտարարած է. “Ես յոյս ունեմ, որ Բաքուից հնչող յայտարարութիւնների նպատակը դիտաւորեալ խաղաղութեան գործընթացը փակուղի մտցնելը չէ”։

Նոյն նիստին, ընդդիմադիր երեսփոխան («Հայաստան» խմբակցութիւն) Արթուր Խաչատրեան անդրադառնալով վարչապետին քանի մը օր առաջ Պաքուի ներկայացուցած՝ «փոխադարձ կարգով սպառազինութիւնը վերահսկել»-ու առաջարկին,– որ ցարդ մնացած է անպատասխան,– ըսած է. 

“Ադրբեջանը Փաշինեանի որեւէ առաջարկութիւն երբեք չի ընդունել։ Հիմք ունենալ ենթադրել, որ ինքը (Ալիեւ) թղթի վրայ կը համաձայնի եւ գործնականում կը սահմանափակի սպառազինութիւնները, անտրամաբանական է։ Մի քանի ամիս առաջ ինքը (Ալիեւ) 1,2 միլիառդի նոր զէնք գնելու պայմանագիր է կնքել Իսրայէլի հետ, հիմա ի՞նչ, Ալիեւը պիտի ասի՝ պարտուած Փաշինեա՛ն, դու ինձ ասես՝ ես քանի՞ տանկ, քանի անօդաչու թռչող սարք, քանի ինքնաթիռ եւ ինքնաձիգ պէտք է ունենամ։ Կատա՞կ է անում, ո՞ւմ է Փաշինեանը ծաղրում”։