Յունիս 14-ին, կառավարութեան նիստին՝ Արցախէն բռնագաղթած ընտանիքներու բնակարանային աջակցութեան ծրագրի քննարկման ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է.
“Ուզում եմ ընդգծել կառավարութեան քաղաքական կամքը, որ մենք թոյլ չենք տալու, որ Լեռնային Ղարաբաղի կղերաֆէոդալական էլիտան ԼՂ ժողովրդին փորձի օգտագործել իր կլանային նպատակների համար”,– աւելցնելով, թէ շատ համբերատար եւ հանդուրժող են, չեն թաքցներ իրենց «սէրը», բայց ոեւէ մէկը այն պէտք չէ ընկալէ իբրեւ իշխանութեան թուլութիւն։
“Յոյս ունեմ, որ իմ այս ուղերձների հասցէատէրերը կ՚ընդունեն դրանք եւ չեն հասցնի նրան, որ մենք առաքենք այս ուղերձները արդէն կոնկրետ հասցէներով”,– շեշտած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։