Search
Close this search box.

Փաշինեան շնորհաւորած է ԱՄՆ-ու Անկախութեան տօնը

ԱՄՆ-ու Անկախութեան տօնին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է նախագահ Ճօ Պայտընին, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ստեղծման հիմքին դրուած ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան համընդհանուր արժէքները, ինչպէս նաեւ Անկախութեան հռչակագրին մէջ արտացոլուած գաղափարները կը շարունակեն ոգեշնչման եւ քաջալերանքի աղբիւր հանդիսանալ ամբողջ աշխարհի մէջ:

(…)

Հայաստան խորապէս կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու ջանքերը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր եւ աջակցութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անխախտելիութեան՝ 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրին համապատասխան:

Օգտուելով առիթէն՝ կ՚ուզեմ վերահաստատել Հայաստանի յանձնառութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ վստահութիւն յայտնել, որ մեր շարունակական ու ամրապնդուող գործընկերութիւնը այս կարեւորագոյն ժամանակաշրջանին կը նպաստէ խաղաղ եւ աւելի բարեկեցիկ ապագայի կերտման` մեր երկու երկրներուն եւ տարա­ծաշրջանին համար:

Կրկին շնորհաւորելով Անկախութեան օրուան առթիւ՝ կը մաղթեմ Ձեզի եւ ԱՄՆ-ov բարեկամ ժողովուրդին խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ շարունակական յառաջընթաց»:

Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւնը շնորհաւորած է Պելառուսի Անկախութեան օրը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը շնորհաւորած է Պելառուսի Անկախութեան օրը։

«Գիտակցելով հայ ժողովուրդի ներդրումին՝ Պելառուսի ազատագրման, պելառnւս ժողովուրդին կը մաղթենք խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ Մեր շնորհաւորութիւնները Պելառուսի բարեկամ ժողովուրդին՝ Անկախութեան օրուան առթիւ»,– նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Այս շնորհաւորանքը յատկապէս ուշագրաւ է մա՛նաւանդ այն պատճառով, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական աւելի քան ցուրտ հովեր կը փչեն։ Ծանօթ է, որ Պելառուսի նախագահին Հայաստանի նկատմամբ թշնամական ակամայ խոստովանութիւններէն ետք, Փաշինեան յայտարարած էր, որ ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ Հայաստանի որեւէ պետական դէմք պիտի այցելէ այդ երկիրը, ցորչափ անոր նախագահութեան աթոռին վրայ կը մնայ Լուքաշենքօ։