Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Սահմանադրութեան հարցը բանակցութիւնների սեղան բերելու փորձը հարուած է խաղաղութեան գործընթացին» 

Յունիս 12-ին, Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին, վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն՝ նշելով, թէ պատրաստ է մէկ ամսուան մէջ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը։

“Դա նշանակում է, որ խաղաղութեան պայմանագրի այս պահին եղած բնագիրը բաւական հասունացած է եւ կարելի է վերջին մանրամասնութիւնները ճշգրտել, բերել վերջնական տեսքի՝ արդէն իսկ նախկինում երկկողմ հաստատուած համաձայնութիւնների հիման վրայ եւ ստորագրել”։

Միւս կողմէ, անդրադառնալով Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու մասին Ալիեւի յայտարարութիւններուն, ան ըսած է. “Այդ հարցը կապել, փորձել բերել բանակցութիւնների սեղան՝ հարուած է խաղաղութեան գործընթացին։ Չեմ բացառում՝ այդտեղ կան Հայաստանի ներքին գործերին միջամտութիւններ իրականացնելու որոշակի միտումներ, նաեւ որոշակի ապատեղեկատւութեան վրայ հիմնուած, Հայաստանում գործընթացներ սկսելու միտումներ։

Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին ես խօսել եմ դեռեւս 2019թ. եւ մեր օրակարգը բացառապէս կապուած է ժողովրդավարական փոփոխութիւնների հետ։ Մենք ասել ենք՝ սահմանադրական փոփոխութիւնը բանակցութիւնների մաս չի կարող լինել, որովհետեւ դա մեր ներքին, բացառապէս ներքին օրակարգն է”։