Վարչապետ Փաշինեան Սեպտեմբեր 18-ին տեսակցութիւն ունեցած է ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։
Կողմերը քննարկած են Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման, Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ոտնձգութիւններու, տարածաշրջանային երթեւեկութեան ենթակառոյցներու ապաշրջափակման կարելիութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցեր։
Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր հետեւողական քայլերը ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:
Փելոզի ալ վստահեցուցած է, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ նպաստել երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղուած ծրագրերու իրագործման աշխատանքներուն։
Նոյն օրը տիկին Փելոզի հանդիպում ունեցած է նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Աւարտին, «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտնած է, որ իրենք յստակօրէն ներկայացուցած են ընդդիմութեան դիրքորոշումը թէ՝ անընդունելի է ամերիկեան պետութեան ռազմաքաղաքական աջակցութիւնը պատերազմը շարունակող Ազերպայճանին։ Շեշտուած է նաեւ այդ երկրին՝ ամերիկեան օժանդակութիւնը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
“Քննարկեցինք նաեւ հայ ռազմագերիներու, Արցախի կարգավիճակի եւ Հայաստանի ներքին ժողովրդավարութեան վերաբերող զանազան հարցեր”,– ըսած է երեսփոխանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։