Օգոստոս 29-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Զրուցակիցները զիրար շնորհաւորած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օժանդակութեան պայմանագրի 25-ամեակին առիթով: Կողմերը համոզում յայտնած են, որ այսուհետեւ եւս հայ-ռուսական դաշնակցային փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները տարբեր բնագաւառներու մէջ պիտի շարունակեն արդիւնաւէտ կերպով զարգանալ ու ամրապնդուիլ:
Փաշինեան եւ Փութին մտքերու փոխանակում ունեցած են հայ-ռուսական օրակարգային շարք մը հարցերու մասին։
Անոնք անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Մասնաւորապէս ընդգծուած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ համաձայնութիւններու հետեւողական իրագործման կարեւորութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։