Սեպտեմբեր 13-ի ազերպայճանական յարձակումէն ետք՝ վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ:
Փաշինեան մանրամասնութիւններ հաղորդած է ազերպայճանական ուժերուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ուղղութեամբ սանձազերծած գրգռիչ, յարձակողական գործողութիւններուն վերաբերեալ:
Փաշինեան անթոյլատրելի համարած է ազերպայճանական կողմի գործողութիւններն ու ընդգծած է միջազգային հանրութեան կողմէ արժանի հակազդեցութեան կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները համաձայնած են մնալ մշտական կապի մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։