Ուքրաինայի անկախութեան տօնին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին, ուր յատկապէս նշուած է.
«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ուքրաինայի Անկախութեան օրուան առթիւ:
Հայաստանի եւ Ուքրաինայի յարաբերութիւններու հիմքին կը գտնուին մեր երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը, որուն լրացուցիչ լիցք հաղորդած է տարբեր մակարդակներու վրայ երկկողմ շփումներու աշխուժացումը:
Լիայոյս եմ, որ մեր միատեղ ջանքերը իրենց նպաստը կը բերեն Հայաստանի եւ Ուքրաինայի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան:
Օգտուելով առիթէն՝ կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Ուքրաինայի բարեկամ ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ ամենայն բարիք»:
Նշենք, թէ նմանօրինակ ուղերձներ յղած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս շնորհաւորած է Ուքրաինայի Անկախութեան տօնը։
«Ազերպայճան եւ Ուքրաինա փոխադարձաբար կ՚աջակցին մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային չափանիշերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան։ Մտադիր ենք հետագային եւս գործադրել բոլոր ջանքերը Ուքրաինայի բարեկամ ժողովուրդին անհրաժեշտ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար»,– նշուած է Ալիեւի ուղերձին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։