Search
Close this search box.

Փարիզ 17-ի թաղապետը ընդունած է հայ մարզիկներ Արթուր Ալեքսանեանն ու Մալխաս Ամոյեանը

 

Օգոստոս 8-ին Փարիզ 17-ի թաղապետ Ժոֆռուա Պուլար թաղի «Մարթին Լութըր Քինկ» զբօսայգիին մէջ հիւրընկալած է Ողիմպիական խաղերուն մետալներու արժանացած ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը եւ Մալխաս Ամոյեանը:

Ընդունելութեան մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան, դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայաստանի Ողիմպիական պատուիրակութեան անդամներ, բազմաթիւ երկրպագուներ:

Ողջունելով հայ մարզիկները՝ թաղապետը շնորհաւորած է հայ ըմբիշներու տպաւորիչ մրցումներուն եւ շահած մետալներուն համար։

Ան ընդգծած է, թէ  Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները միշտ ալ առանձնացած են ջերմութեամբ ու բարեկամութեամբ:

Փոխնախարար Գիլոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի իշխանութիւններուն եւ ֆրանսացի ժողովուրդին աջակցութեան եւ բարեկամական ջերմ վերաբերումին համար։

Հայ մարզիկները եւս շնորհակալութիւն յայտնած են հիւրընկալութեան համար։

Այնուհետեւ, հայ մարզիկները լուսանկարուած են Փարիզի 17-ի շրջանի զբօսայգիին մէջ հաւաքուած երկրպագուներուն հետ եւ ինքնագրեր բաժնած անոնց։