Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – CCAF-ի տարեկան ընթրիքը՝ Ֆրանսայի վարչապետին մասնակցութեամբ

Աթթալ մեղադրեց Ռուսաստանն ու Ազերպայճանը

Չորեքշաբթի, Մարտ 20-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը։ Այս տարի, նախագահ Մաքրոնը կը ներկայացնէր վարչապետ Կապրիէլ Աթթալ։ 

Ան իր ելոյթին մէջ ամբաստանեց Ռուսաստանը, որ «կ՚ուզէ պատժել Հայաստանը, անոր խաղաղութեան եւ ինքնիշխանութեան տենչանքներուն համար, սկզբունքներ զորս Մոսկուա կ՚ոտնահարէ Ուքրաինայի մէջ»։ Աթթալ աւելի մանրամասնելով՝ պնդեց, որ Ռուսաստան կ՚ուզէ պատժել Հայաստանը, որովհետեւ վերջինս ընտրեց «անպատժելիութեան դէմ պայքարի ճանապարհը՝ միանալով Պատժական միջազգային ատեանին, ընտրեց ժողովրդավարութեան, օրէնքի պետութեան ճանապարհը»։ 

Վարչապետ Աթթալ նոյն առիթով Ռուսաստանը ամբաստանեց նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազերպայճանի՝ բռնի ուժի դիմելը չդատապարտելու ու այդպէսով հաճոյարար կեցուածք ցուցաբերելու»մեղադրանքով։ Ֆրանսայի վարչապետը աւելի հեռու երթալով՝ ըսաւ, որ Մոսկուա այդպէսով հաւաստած եղաւ Ազերպայճանի այդ յարձակումը։ «Ռուսական ուժերը, որոնք իբրեւ թէ խաղաղապահի դերով հոն տեղակայուած էին, թողեցին որ տեղի ունենայ մարդասիրական այդ ճգնաժամը»,– ըսաւ ան։ 

ՊԱՔՈՒԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ    

Պաքու անմիջապէս հակազդած է CCAF-ի ընթրիքին Աթթալի արտասանած խօսքերուն։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յաջորդ առաւօտ իսկ՝ Հինգշաբթի, Մարտ 21-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսած է.

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան վարչապետ Կապրիէլ Աթթալի՝ 2024 Մարտ 20-ին Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին հայաստանամէտ, հակաազերպայճանական անհիմն պնդումները, որոնք միակողմանիօրէն կը պաշտպանեն Հայաստանը։

Ֆրանսայի վարչապետին, որ կը դատապարտէ Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ տեղակայուած Հայաստանի զինուած ուժերու մնացորդին դէմ հակաահաբեկչական գործողութիւնները եւ կ՚ամբաստանէ Ազերպայճանը Հայաստանի տարածքները իբրեւ թէ բռնագրաւելու մեղադրանքով, կը յիշեցնենք, որ Ազերպայճանի ձեռնարկած միջոցները լիովին համահունչ են միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի՝ հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան վերաբերող բանաձեւերուն։

Վրդովեցուցիչ է հաստատել, որ Հայաստանի գրեթէ 30-ամեայ յարձակումին եւ  անոր կողմէ ազերպայճանական տարածքներու բռնագրաւման, ինչպէս նաեւ այսօր ալ ազերպայճանական ութ գիւղեր բռնագրաւուած պահելուն դէմ երբեք ձայն չբարձրացուցած Ֆրանսա կը դատապարտէ Ազերպայճանը առանց որեւէ ակնյայտ պատճառի ուժ կիրարկած ըլլալու մեղադրանքով։

Անգամ մը եւս կոչ կ՚ընենք ֆրանսական կողմին դասեր քաղելու իր պատմութենէն, չմիջամտելու Ազերպայճանի ներքին գործերուն եւ վերջ դնելու նման գրգռիչ յայտարարութիւններու»։