Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Ազնաւուրին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն՝ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի մէջ

Հոկտեմբեր 1-ին, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած Շառլ Ազնաւուրին:

Անոր մահուան 6-րդ տարելիցին օրը իր հարազատներն ու ընկերները համախմբուած են` յարգանքի տուրք մատուցելու մեծ արուեստագէտի յիշատակին։

Արարողութիւնը աւարտած է աղօթքով՝ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու համար:

Ինչպէս ծանօթ է Ազնաւուր ոչ միայն բացառիկ երաժիշտ էր, այլեւ մարդասէր եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան: 1989-ին անոր ջանքերուն շնորհիւ ազատ արձակուեցան Հայաստանի անկախութեան համար պայքար մղող՝ «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամները. Ազնաւուր անոնց ձերբակալութենէն ետք մեկնեցաւ Մոսկուա եւ իր վարած բանակցութեան շնորհիւ խորհրդային բանտին մէջ պահուող տասներեք անդամէն տասներկուքը ազատ արձակուեցան:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Նիքոլա Ազնաւուր նշած է. “Հայրս միշտ կը պայքարէր արդարութեան համար: Ցաւօք, ան այլեւս մեզի հետ չէ, բայց մենք համոզուած ենք, որ եթէ ողջ ըլլար հիմա ալ կը դառնար հայ գերիներու իրաւունքներու համար պայքարի առաջամարտիկ ու կ՚ընէր ամէն ինչ, որպէսզի անոնք վերադառնային հայրենիք ու վերամիաւորուէին իրենց ընտանիքներուն հետ”: