Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները կ՚անցնին բարդ շրջանէ մը։ Այդ յարաբերութիւնները միշտ ալ բարդ եղած են, սակայն եռամիասնութեան քնաբեր քաղաքական լոզունգին տակ փակ պահած էինք մեր աչքերը։ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ելքը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ուրիշ պատկեր մը պարզեց մեր առջեւ։ Ինչպէ՞ս կրնային յարաբերութիւնները բարւոք վիճակ ունենալ, երբ Հայաստան ներքին առճակատումի մէջ է, երբ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւնները նոյնքան ապառողջ եղած են, երբ Եկեղեցին քաղաքականութիւն կը խաղայ՝ «սրբազան պայքար» կը մղէ իշխանութեան դէմ։
Օգտուելով Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի Փարիզ այցելութենէն, քննարկեցինք Սփիւռքը յուզող վերոնշեալ հարցերը։
***
«Նոր Յառաջ» – Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի այսօրուան իրադարձութիւնները, Բագրատ սրբազանի առաջնորդած ցոյցերը, քաղաքացիական անհնազանդութեան կոչերը, Եկեղեցի եւ Պետութիւն փոխյարաբերութիւնները։
Համբիկ Սարաֆեան – Նախ ձեր հարցումին երկրորդ բաժինէն սկսէինք։ Մենք մտահոգ ենք որ Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի կը սրին։ Անշուշտ Հայոց առաքելական եկեղեցին սահմանադրականօրէն յատուկ կարգավիճակ ունի։ Բայց դժբախտաբար մա՛նաւանդ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ բաւական բարդ վիճակի մէջ են յարաբերութիւնները եւ անոր դրսեւորումներէն մէկը կարելի է համարել Բագրատ սրբազանին առաջնորդութիւնը այդ շարժումին, որովհետեւ եթէ չըլլար Եկեղեցի-Պետութիւն փոխյարաբերութեան կորուստը, վստահ եմ ան հնարաւորութիւն պիտի չունենար որպէս հոգեւորական քաղաքական խնդիրներու մէջ մտնելու։
Մենք այս կապակցութեամբ օրին մտահոգութիւն յայտնած ենք թէ՛ Կաթողիկոսին, թէ՛ Վարչապետին հետ մեր հանդիպումներու ընթացքին։
Լաւ չէ որ այս կացութիւնը ստեղծուած է։ Անշուշտ Եկեղեցին իր խնդիրները ունի, մա՛նաւանդ աղանդներուն առնչուող հարցեր կան։ Այսօր Հայաստանի մէջ այդ աղանդներուն մուտքը արգիլելու կարելիութիւն չկայ, միւս կողմէ, Եկեղեցին ալ հնարաւորութիւնը չունի դիմագրաւելու այդ խնդիրը։
Ինչ կը վերաբերի Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումին, պէտք է ըսեմ, թէ սահմանամերձ գիւղերու պաշտպանութեան հարցով ծայր առած շարժումը դժբախտաբար հիմա կ՚ընթանայ իշխանափոխութեան պահանջով, որ կը նմանի նախապէս եղած փորձերուն։ Մեր գնահատումով այդ շարժումը նման բանաձեւով յաջողութիւն պիտի չունենայ, մանաւանդ որ նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները դերակատարութիւն ունին, հակառակ անոր որ հրապարակի վրայ չեն երեւիր։ Այդ պատճառով ալ առաջին օրուան բազմահազարնոց ցոյցէն յետոյ մասնակիցներուն թիւը շատ աւելի նուազեցաւ, որովհետեւ շատեր մեծ մտահոգութիւն ունին երկրի ներքին իրավիճակի հետ կապուած եւ այդ պատճառով ալ մարեցաւ շարժումը։
Մեզի առաւել մտահոգողը Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնն է այս գործին մէջ եւ առ այդ մեր կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, նկատի ունենալով որ մենք մտահոգ ենք Եկեղեցւոյ հեղինակութեան առնչութեամբ։ Մեր կարծիքով Եկեղեցին պէտք է վեր մնայ քաղաքական պայքարներէ, քանի որ իր առաքելութիւնը իբրեւ հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու կեդրոն՝ հայութեան համախմբումն է։ Այլ խօսքով քաղաքական եւ հոգեւոր պայքարը համատեղելի չէ։ Եկեղեցին պէտք է ժողովուրդին կողքին եւ ժողովուրդին համար հաստատութիւն ըլլայ եւ իր խօսքը պէտք է ըսէ այդ սահմաններուն մէջ, հակառակ պարագային անախորժ հետեւանքներ պիտի ունենայ։
«ՆՅ» – Իսկ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօրուան կառավարութեան քաղաքական գործողութիւնները, ընդհանրապէս քաղաքականութիւնը եւ միջազգային բարդ իրավիճակի մէջ իր առած քայլերը։ Արդեօք այդ քայլերը յարմա՞ր են ապահով երկիր մը ստեղծելու եւ Հայաստանի ապագան ձեւով մը կայուն հիմքերու վրայ դնելու։
Հ.Ս. – Նախ ըսեմ, որ այսօրուան վարուող քաղաքականութիւնը պէտք էր տեղի ունեցած ըլլար 1997-98-ին։ Հիմա երկիր կառավարելը, պետութիւն ունենալը, պետական մտածողութիւնը նոյնը չէ, քան այն ինչին մենք սովոր էինք, երբ պետականազուրկ ժողովուրդ էինք եւ պետութիւն ունենալու կը ձգտէինք եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծնունդ առին մեր յեղափոխական շարժումներն ու մեր կուսակցութիւնները։ Երբ որ պետութիւն կ՚ունենաս քու մտահոգութիւններդ բոլորովին այլ ուղղութեամբ կ՚ընթանան եւ ստիպուած ուզես կամ չուզես պիտի առնչուիս եւ ամէն ինչ հաշուի առնես։ Իսկ երբ կորսնցնելիք բան մը չունիս, այդ ուղղութեամբ մտահոգութիւն ալ չունիս։ Այդպէս եղած է մեր յեղափոխական շարժումներու ժամանակ, երբ շատ մը գործողութիւններուն հետեւանքը լաւ չէ եղած ժողովուրդին համար, բայց անոնք եղած են՝ իբրեւ ձեւով մը ըմբոստութեան ճիչ մեր կողմէ, թէ՛ միջազգային ընտանիքին, թէ՛ 0սմանեան կայսրութեան յղուած, բայց հիմա կացութիւնը բոլորովին այլ է եւ կամայ թէ ակամայ պէտք է իրադարձութիւններուն հետ առնչուիս։
Դժբախտաբար, 1997-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ արտայայտուած միտքերը ընկալուեցան որպէս պարտուողական եւ հետեւանքը եղաւ այն ինչ որ ունեցանք 2020-ին, այսինքն՝ կարելի է ըսել 2020-ը այդ ամբողջ շղթայի աւարտը եղաւ։ Ըսել է, թէ երբ քու ձգտումները, նպատակները եւ երազը չի համապատասխաներ գետնի իրականութեան, դուն մեծ խնդիր կ՚ունենաս։ Ժողովուրդը, հասարակ քաղաքացին՝ Հայը ըլլայ Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս մտածելու, յոյսեր փայփայելու իրաւունքը ունի եւ պէտք է ունենայ, մանաւանդ ազգային տեսանկիւնէ մեկնած, բայց պետութեան ղեկավարները, երբ իրենք տեղեկութեանց հասու են, պէտք էր ատոր հիման վրայ գործողութիւններու նախաձեռնէին ու քաղաքականութիւն մշակէին, սակայն դժբախտաբար չըրին, չեղաւ եւ այսօրուան վիճակին հասանք։ Հիմա ինչ որ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ պայմաններէ պարտադրուած քաղաքականութեան արդիւնք է։ Այլ խօսքով Փաշինեանի իշխանութիւնը պատերազմի պարտութենէն ետք, ձեւով մը սորվեցաւ այն դասերը, որոնց մինչեւ այդ պատերազմը ինք ալ չէր հաւատար։ Այժմ տեսնելով տեղի ունեցածը շատ աւելի գործնական քաղաքականութիւն սկսած է վարել, նաեւ՝ գետնի վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն մեկնելով, եզրակացութիւններ ընելով առաջ կ՚երթայ։
Ներկայիս, անշուշտ շատ դժուար վիճակի մէջ կը գտնուինք, որովհետեւ ո՛չ մէկ լծակ ունինք ձեռքերնիս։ Կորսնցուցինք այն ինչ որ ունէինք երբ Արցախը մերն էր եւ մանաւանդ վերադարձուելիք տարածքները մեր ձեռքն էին։ Հիմա այդ ամէնը չունենալու եւ լծակներու, դաշնակիցներու բացակայութեան պայմաններու տակ, մեր գնահատումով, ամէնէն բարենպաստ բանն է որ տեղի կ՚ունենայ, հարկաւ նորէն պարտադրուած եւ մեր կամքին հակառակ, բայց գիտակից ենք, որ ուրիշ որեւէ այլ մօտեցում կրնայ ուրիշ տեղ տանիլ մեզ։ Ներկայիս մեզի պէտք է ճկունութիւն, որպէսզի օգտուինք ստեղծուած միջազգային իրավիճակէն, մեր հարցերը լուծելու համար։ Մենք ունինք վատ տարբերակներ եւ ստիպուած պիտի ըլլանք ընտրելու նուազագոյն վնաս պատճառող տարբերակը, նկատի ունենալով որ զրկուեցանք լաւ տարբերակներու իրաւունքէն՝ 2020-ի պատերազմին հետեւանքով։ Հետեւաբար, այդ տեսանկիւնէն դիտուած՝ այդպէս կը տեսնենք այսօրուան իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը։
«ՆՅ» – Իսկ Սփիւռքի մէջ ի՞նչն է որ կ՚արգիլէ այս մօտեցման ընկալումը։
Հ.Ս. – Սփիւռքը բոլորովին ուրիշ արժեհամակարգի վրայ ստեղծուած է եւ կարելի չէ ակնկալել որ համաձայն ըլլայ այդ մօտեցումին։ Ո՛չ միայն սփիւռքը, այլեւ Հայաստանի ժողովուրդը պատրաստ չէր ընկալելու կացութիւնը։ Օրինակ՝ չորս գիւղերուն հարցը։ Եթէ պիտի ամէն ինչ կորսնցնէինք աւելի լաւ չէ՞ր որ այդ հինգ շրջանները զիջէինք։ Բայց եթէ այդ չորս գիւղին համար այսքան աղմուկ բարձրացաւ, կարելի չէ պատկերացնել, որ որեւէ իշխանութիւն համարձակէր ըսելու թէ այդ հինգ շրջանները տանք եւ հարցը լուծենք։ Անկարելի էր։ Ատոր պատճառը այն է, որ պէտք եղած դաստիարակչական, բացատրողական անկեղծ աշխատանքը չտարուեցաւ ժողովուրդին հետ եւ ատոր հետեւանքով ալ ժողովուրդը մնաց այն ընկալման մէջ, որ միայն մէկ տարբերակ կայ, այն ալ յաղթանակն է եւ ինչու չէ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանին տիրանալը։
Սփիւռքի մէջ եթէ մեզի համար ռազմավարութիւնը հայապահպանումն էր եւ ազգայինի պահպանումը, այդ ռազմավարութեան մարտավարութիւններէն մէկը Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Հայ դատի հետապնդումը եւ այդ ուղղութեամբ պայքարի ձեւակերպումն էր, որ անշուշտ մեծ դեր խաղացած է սերունդները ազգային ոգիով դաստիարակելու մէջ։ Հոս է որ հակասութիւն կը ստեղծուի գործնականի եւ ազգայինի միջեւ։ Այս պարագային կը կարծենք, թէ աւելի կարեւոր է որ Հայաստանի ժողովուրդը ստանձնէ իր պատասխանատւութիւնը, քանի որ Սփիւռքի մէջ Հայաստանին վերաբերող հարցերը միայն գիշերը քունը կը խանգարեն, իսկ Հայաստանի քաղաքացիին համար այդ բոլորը իր կեանքին վրայ անմիջական ազդեցութիւն ունեցող հարցեր են եւ անոր համար է, որ երկուքին միջեւ տարբերութիւն կայ, բայց նաեւ հասկացողութիւն պէտք է ցուցաբերել՝ սփիւռքահայուն եւ Հայաստանի բնակչութեան ձգտումներուն ու մօտեցումներուն նկատմամբ։ Բայց կարեւորը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը, պետական այրերը կարողանան այնպէս մը առաջ տանիլ քաղաքականութիւնը, որ կարելի ըլլայ ապահովել իրապէս վտանգի տակ գտնուող Հայաստանի անվտանգութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը։
Յատկապէս նշեալ հարցին վերաբերեալ կը կարծենք, որ քիչ կարեւոր է Սփիւռքի մօտեցումը եւ կարիք ալ չկայ, որ այդ նիւթը արծարծուի։ Իսկ Սփիւռքին վերաբերող հարցերը կրնան այդպէս ալ շարունակուիլ, որովհետեւ ուրիշ այլընտրանք չկայ, շատ դժուար է ազգայինը պահել, եթէ չըլլան ա՛յն հիմնասիւները, որոնք Սփիւռքի կերպարով հիմնուած են։
«ՆՅ» – Այսինքն ըսել կ՚ուզէք, թէ Սփիւռքի մէջ այժմէական քաղաքական հարցերու վերաբերեալ ռազմավարութիւն վերանայելու անհրաժեշտութիւնը չկա՞յ։
Հ.Ս. – Անշո՛ւշտ, որ Սփիւռքը իր ռազմավարութիւնը վերանայելու խնդիր ունի, բայց խօսքս անոր մասին էր, որ պէտք է անպայման տեղի ունենայ առաջնահերթութիւններու վերարժեւորում, եւ այդ է որ այսօր կարեւոր է, քանի որ Սփիւռքի համար թէ՛ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին եւ թէ՛ մինչեւ 2018 թուականը կարեւորը եւ մեր մտածողութեան առանցքը Ցեղասպանութեան ճանաչումը եղած է եւ աւելի քիչ մասնակցութիւն կամ դերակատարութիւն ուզած ենք ունենալ Հայաստանէն ու Արցախէն ներս տեղի ունեցող խնդիրներուն մէջ։ 2018-էն յետոյ մեր հետաքրքրութիւնը փոխուեցաւ, իսկ 2020-էն յետոյ վերածուեցաւ յուսահատութեան ու յուսախաբութեան։
Օրինակ մը բերեմ. Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւնները միանշանակ պիտի չընկալուին սփիւռքահայ հատուածներու կողմէ, որովհետեւ մեր մէջ արմատացած է այն մտածելակերպը, որ մենք երբեք պէտք չէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւն հաստատենք, պէտք չէ սահմանները բանանք, պէտք չէ շփուինք այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում չէ կատարած հայ ժողովուրդին։ Այս մտածելակերպը մենք ուզենք կամ չուզենք պէտք է փոխենք, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի Հայաստան–Թուրքիա պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ Հայաստան որպէս պետութիւն չի կրնար գոյատեւել եթէ յաւերժ իրեն թշնամի պիտի ունենայ դրացի երկիրը։ Կը կարծեմ, որ նոր սերունդը այս հարցին շուրջ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ։ Իսկ մենք չենք կրնար հակադրել երկու մօտեցումները եւ ատոր համար է որ դաստիարակութիւնը կարեւոր է։
Իսկ ինչ կը վերաբերի իրական Հայաստանի եւ պատմական Հայաստանի վերաբերեալ իշխանութիւններուն առաջադրած նիւթին, պէտք է ըսեմ, թէ այդ ձեւակերպումը մեզի համար ընդունելի չէ, որովհետեւ սփիւռքը նաեւ այդ ամէն ինչի կրողն է եւ սփիւռքահայութեան համար այս մօտեցումը ո՛չ միայն ճիշդ պիտի չըլլայ, այլեւ կրնայ մահացու ըլլալ, քանի որ կարելի չէ անցեալը մոռնալ։ Ուրեմն նախ պէտք է առաջնահերթութիւնները փոխուին, նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստան գոյութենական պայքար կը մղէ եւ մեր ուշադրութիւնը պէտք է այդ ուղղութեամբ ըլլայ։
«ՆՅ» – Իսկ այսօրուան Սփիւռքը իր կառոյցով, անդամներով փոխուած է։ Ժամանակին միայն աւանդական սփիւռքը կար, իսկ ներկայիս կայ նաեւ Հայաստանէն արտագաղթածներու նոր սփիւռքը։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք այս երկուքին յարաբերութիւնները։
Հ.Ս. – Ճիշդ է, որ հիմա ունինք աւանդական սփիւռքն ու նոր սփիւռքը եւ այս երկուքին միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ։ Հիմնական պատճառն ալ այն է, որ նոր սփիւռքը կազմուեցաւ 1990-էն ետք։ Ես կրնամ յատկապէս Լոս Անճըլըսի գաղութին մասին խօսիլ, ուր մեծ թիւով Հայաստանէն գաղթածները տակաւին ձեւով մը կապուած են Հայաստանին՝ գործով եւ ֆիզիքապէս։ Անոնց համար շատ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ներկայ Հայաստանը, իսկ նոյնը չէ աւանդական սփիւռքի պարագան, որ աւելի քիչ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի նկատմամբ։ Ճիշդ այդ է պատճառը, որ առ այսօր այս երկուքը իրարու հետ չեն միաձուլուած, քանի որ նոյն հետաքրքրութիւնները չունին։ Օրինակ՝ Հայաստանցին Հայաստան ապրած ատեն երբեք հայ մնալու վտանգի զգացողութիւնը չէ ունեցած։ Երբ սերնդափոխութիւն տեղի ունենայ այն ատեն է, որ անոնք աւելի սուր կերպով պիտի զգան ա՛յն մտահոգութիւնը, որ մենք զգացած ենք Ցեղասպանութենէն ետք, երբ օտար ափերուն վրայ գաղութներ հիմնած ենք։ Երկու սփիւռք(ներ)ու միջեւ մօտեցումներու տարբերութիւն կայ։
«ՆՅ» – Աւանդական սփիւռքի դերակատարութեան նուազում մը կա՞յ։
Հ.Ս. – Այո՛, կայ եւ դժբախտաբար նկատելի է ամէն տեղ, որովհետեւ աւանդական սփիւռքի կազմաւորումը եւ մտածելակերպի ձեւաւորումը անմիջականօրէն կապուած էր պատմական իրողութիւններուն եւ մա՛նաւանդ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղողներու ֆիզիքական ներկայութեան հետ։ Գոյութիւն ունէր նաեւ կեթոյի իրողութիւնը, յատկապէս Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ, որ ձեւով մը վտանգաւոր էր, քանի որ երբ կը մեծնաս այդ կեթոյի մտածելակերպին մէջ եւ վերջը այլ շրջաններ կ՚երթաս ու այլեւս չես գտներ նոյն մթնոլորտը, մտածողութիւնը, ձեւով մը անապահովութիւն կը զգաս։
Այսօր ամէն բան փոխուած է, ամէնուրեք բազմազանութիւն կայ. նախապէս մեր ժամանցը ակումբներու մէջ կ՚ըլլար, միութենական, սկաուտական աշխատանքներով կ՚անցընէինք մեր ժամանակը, հիմա հետաքրքրութիւնները փոխուած են, պատանի մը կրնայ սենեակէն դուրս չելլել եւ համացանցով ու հեռաձայնով ուզածը գտնել եւ ունենալ։ Այս բոլորը մտահոգութիւն եւ նաեւ մարտահրաւէր են սփիւռքի համար, որպէսզի ցարդ տարուող հայապահպանման աշխատանքը կարելի ըլլայ շարունակել։ Սփիւռքը կ՚ենթադրեմ դէպի անորոշութիւն կ՚երթայ, մանաւանդ Արաբական գարունէն յետոյ երբ մեծ հարուած ստացան հայութեան կռուանները՝ Սուրիան, Լիբանանը, որոնք սերունդներ կը պատրաստէին։ Շատ դժուար է պատկերացնել սփիւռքի ապագան՝ 25-30 տարի յետոյ, նկատի ունենալով, որ միութիւններու շուրջ հետաքրքրութիւնը պակսած է, երիտասարդները այլ զբաղումներ ունին եւ զանոնք համայնքային կեանքին կապելու դժուարութիւնը կայ։ Առ այդ թերեւս շատ աւելի այժմէական է երիտասարդը իր հայրենիքին կապելու աշխատանքը՝ հայապահպանման նպատակով։ Մեզի համար վերացական էր հայրենիքի, հողի, ջուրի հասկացողութիւնը, իսկ այսօր պարագան նոյնը չէ։
«ՆՅ» – Ըսել է նոր յենարաններ գտնելու դժուարութիւններ կան։
Հ.Ս. – Այո՛, եւ պէտք է ըսել, որ մենք որպէս աւանդական սփիւռք կ՚ուշանանք այդ մասին շատ աւելի վերլուծական, խորունկ եւ գործնական քայլեր առնելու դիտանկիւնէն։ Պատերազմէն յետոյ, վերջին չորս տարիներուն ձեւով մը անորոշութեան մէջ ենք, անշուշտ հարուածը շատ մեծ էր եւ զուտ սփիւռքեան առումով տարուելիք մեծ աշխատանք կայ նոր յենարաններ ստեղծելու, որոնց վրայ սփիւռքը կարողանայ գոյատեւել։
«ՆՅ» – Հայաստանի հետ սփիւռքի յարաբերութիւնները վերանայելու, վերարժեւորելու հարցն ալ կայ։ Հայաստանի հետ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ պէտք է մշակել տնտեսական, մշակութային, կրթական գետնի վրայ։ Շեշտը ինչի՞ վրայ պէտք է դրուի, որ երկուստեք յարաբերութիւնները առողջանան եւ արդիւնաւէտ դառնան։
Հ.Ս. – Ամէնէն մեծ խնդիրներէն մէկը եղած է ու կը շարունակէ մնալ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու ոչ-բարւոք վիճակը։ Կարգախօսական մակարդակէն չենք կրցած անցնիլ գործնականի։ Շատ գեղեցիկ կը հնչէ եւ կը հպարտանանք, որ սփիւռքի ներուժը կ՚օգտագործուի ի շահ Հայաստանի, բայց գործնականին մէջ որեւէ քայլ չենք կրցած առնել, հակառակ անոր որ Հայաստան–Սփիւռք համաժողովներ եղած են, ուր կը հաւաքուէինք, կը քննարկէինք, ծրագրեր կը մշակուէին, որոնց մեծ մասը գործնականի չէին վերածուեր։
Սփիւռքի նախարարութեան, յետոյ ալ՝ յանձնակատարի գրասենեակի ստեղծումը լուծումներ փնտռելու ձեւերէն մէկն էր, բայց ո՛չ մէկը գոհացուցիչ է, որովհետեւ երբեք խորապէս չուսումնասիրուեցաւ եւ չստեղծուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ համակարգուած գործակցութիւնը՝ թէ՛ առարկայական, թէ՛ ենթակայական պատճառներով։ Առարկայական պատճառը այն է որ սփիւռքը միատարր չէ, միաձոյլ չէ, տարբեր սփիւռք(ներ) կան, որոնց հետաքրքրութիւնները բոլորովին այլ են։ Իրականութեան մէջ կապի եւ որակական մակարդակը ապահովելը երկու կողմի ձախողութիւնն է՝ թէ՛ Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններու, թէ՛ սփիւռքի կուսակցութիւններու եւ մեծ կազմակերպութիւններու, բնականաբար ատոր բանալին գտնելը դիւրին գործ չէ։ Տեղեկատուական դաշտի պակասը, համադրման եւ համադասման բացակայութիւնը իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են։ Նոյնիսկ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին չկրցանք մեր պատգամը հասցնել միջազգային համայնքին, որպէսզի անոնք արձագանգէին։ Իսկ Ազերպայճանի քարոզչական մեքենան յաջողեցաւ այդ հարթակին վրայ։
Խորքին մէջ մենք զբաղած ենք շատ աւելի կողմնակի հարցերով, մոռնալով հիմնականը։
Մշակութային գետնի վրայ ալ հարցեր կան, օրինակ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ հայերէն գիրք կարդացող չկայ, կարծէք թէ մշակոյթը այլեւս առաջնահերթութիւն չէ երիտասարդութեան համար, անշուշտ գանձատրման պակասն ալ իր ազդեցութիւնը ունի եւ սփիւռքը կրնայ օգտակար ըլլալ՝ նիւթական միջոցներ տրամադրելով, որովհետեւ ի վերջոյ ատկէ օգտուողը ինք պիտի ըլլայ։
Տեսակցեցաւ՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։