Նոյեմբեր 19-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արման Խաչատրեան իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է Ֆրանսայի պետական արարողակարգի ծառայութեան փոխտնօրէն Մաթիէօ Գարմոնային։
Շնորհաւորելով Հայաստանի դեսպանը՝ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով, Գարմոնա յաջողութիւն եւ բեղմնաւոր աշխատանք մաղթած է անոր, վստահութիւն յայտնելով որ ֆրանքեւհայկական համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ ամրապնդուիլ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներուն համար՝ դեսպան Խաչատրեան ընդգծած է, թէ իր առաւելագոյն ջանքը պիտի գործադրէ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ուղղութեամբ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։