Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայ ուսանողներու տան կազմակերպած «Կամուրջ՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի միջեւ» խորագիրը կրող յիշատակի ձեռնարկը

Ապրիլ 26-ին, Փարիզի Համալսարանական ոստանի (Cité Universitaire) Նետերլանտական տան մէջ տեղի ունեցած է Հայ ուսանողներու տան կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը՝ «Կամուրջ` անցեալի, ներկայի և ապագայի միջեւ» բնաբանով: 

Երեկոյթին ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայ ուսանողներու տան տնօրէնուհի Աննա Լեյլոյեան, Նետերլանտական տան տնօրէնուհին, ինչպէս նաեւ դասախօսներ ու տարբեր երկիրներու ուսանողներ: 

Հայ ուսանողներու տան մէջ բնակող հայ թէ օտար ուսանողները ներկայացուցած են նախքան Ցեղասպանութիւնը, անկէ ետք ու մինչեւ մեր օրերը՝ հայ ժողովուրդի անցած փշոտ ուղին եւ վերապրելու մեծ յոյսը: Անոնք անդրադարձած են օտար ափերուն վրայ հայկական գաղթօճախներու հիմնադրութեան,– որոնք կարեւոր դեր ունեցած են հայապահպանման գործին մէջ,– Հայ ուսանողներու տան հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշայի, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու յանուն Ֆրանսայի ազատութեան մարտնչած դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի կեանքին ու գործունէութեան: Ուսանողները կարդացած են Մանուշեանի՝ կնոջը ուղղուած վերջին նամակը, հնչած են Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ եւ Շառլ Ազնաւուրի «Քեզի համար Հայաստան» երգը:

Յիշատակի ձեռնարկը աւարտած է Տոլմաջեանի եւ Լեյլոյեանի ելոյթներով:

Դեսպանուհին ընդգծած է հայ երիտասարդութեան համախմբման ու ներդրման կարեւորութիւնը` զօրաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան մը կերտման համար: