Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Համազգային – «Ամերիքա»-ն եւ Պըլտեանի վէպերը՝ Քրիստիան Բատիկեանի ակնոցով

 

Երկու­շաբթի, Մա­յիս 13-ին, Փարիզի Հայ մշա­կոյ­թի տան «Տէ­միրեան» սրա­հին մէջ, Հա­մազ­գա­յինի Փա­րիզի մաս­նա­ճիւ­ղին կազ­մա­կեր­պութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ գրա­կան երե­կոյթ մը, նուիրուած Գրի­գոր Պըլ­տեանի գրա­կանու­թեան, ի մաս­նա­ւորի «Ամե­րիքա» խո­րագ­րեալ հա­տորին, զոր ներ­կա­յացուց ֆրան­սա­հայ երի­տասարդ ար­ձա­կագիր, թարգմա­նիչ, Ինալ­քո­յի հայ գրա­կանու­թեան բաժ­նի դա­սախօս Քրիս­տիան Բա­տիկեան, որ ի դէպ Գրի­գոր Պըլ­տեանը փո­խարի­նած է այդ պաշ­տօ­նին։ Ներ­կայ էին հե­ղինա­կը եւ անոր գրա­կանու­թիւնը գնա­հատող շուրջ 30 ըն­թե­րցասէր­ներ։

«Ամե­րիքա» հա­տորը՝ լոյս տե­սած 2022-ին, «Սար­գիս Խա­չենց» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ, Պըլտեանի վեր­ջին գիրքն է, որ մաս կը կազ­մէ «Գի­շերա­դարձ» շար­քին։ 

Քրիս­տիան Բա­տիկեան «Ամե­րիքա»-ի ման­րա­մասն ներ­կա­յացու­մէն աւե­լի անդրա­դար­ձաւ Պըլ­տեանի ար­ձակ գոր­ծե­րուն ներ­քին ճար­տա­րապե­տու­թեան, հե­տաքրքրա­կան ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լով հե­ղինա­կին ստեղ­ծած տի­պար­նե­րը՝ տար­բեր վէ­պերու ընդմէ­ջէն, փոր­ձե­լով բա­ցայայ­տել անոնց ներ­քին կա­պերը, թէ ինչպէս վէպի մը երկրոր­դա­կան դէմք մը, յա­ջոր­դին մէջ կը դառ­նայ գլխա­ւոր հե­րոսը եւ այդպէս շա­րու­նակ…։ Ըն­թերցո­ղը եր­բեմն կը հար­ցադրուի վէ­պերուն մէջ տեղ գտած պա­տահա­կան դէպ­քե­րուն մա­սին, բայց յե­տոյ կը տես­նէ, թէ տուեալ պա­տահա­կան դէպք մը կը դառ­նայ յա­ջորդ վէ­պի մը գլխա­ւոր նիւ­թը… մին­չեւ որ հաս­նի «Ամե­րիքա»-ին։

Երե­կոյ­թին անդրա­դարձ եղաւ նաեւ սոյն վէ­պի «տե­սակին», եւ ինչպէս Բա­տիկեան ըսաւ՝ Պըլ­տեան ինք իր վէ­պերը կը կո­չէ հա­կավէպ, որուն հիմ­քին կայ պա­տու­մը, իրար­մէ ան­ջատ իրա­կան դէպ­քե­րու, որոնց վրայ կը կա­ռու­ցուի վէ­պը, որոնցմէ մեկ­նած՝ տի­պար­նե­րու նե­րաշ­խարհի թա­փան­ցումը կը կա­տարուի, զու­գա­հեռ­ներ, կա­պեր կը ստեղ­ծուին կեր­պարնե­րու եւ դէպ­քե­րու մի­ջեւ, զրոյցներ, հե­ղինա­կի մի­ջնոր­դութեամբ կամ ան­կէ ան­կախ։ Սա­կայն, հե­տագա­յին նոյ­նիսկ ինք զանց կ՚առնէ պա­տու­մի վե­րաբե­րեալ իր սահ­մա­նած «օրէնքներ»-ը։

Ժ. Չ. ■